Սուրիոյ քաղաքական հարցերու վարչութեան ներկայութեամբ, Հալէպի նահանգապետ Ազզամ Ղարիպ, Հալէպի ոստիկանապետը եւ այլ պատասխանատուներ Հալէպի Միջազգային օդակայան այցելեցին եւ շրջագայեցան անոր բոլոր բաժիններուն մէջ՝ մօտէն հետեւելու օդակայանի վերաբացման նախապատրաստութիւններուն։