Ընդառաջելով Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի խնդրանքին, Հինգշաբթի, 6 Փետրուար 2025-ին, կաթողիկոսարանի իր գրասենեակէն ներս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ՝ լանջախաչ կրելու իրաւունք շնորհեց Քեսապի Հոգեւոր Տեսուչ Հոգշ. Տ. Եսայի Վրդ. Էօրտէքեանին։

Վեհափառ Հայրապետ մեծապէս գնահատեց հայր սուրբին տարած աշխատանքը եւ մատուցած ծառայութիւնը՝ ընդհանրապէս Հայ Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս եւ ի մասնաւորի որպէս Քեսապի հոգեւոր տեսուչ վերջին մէկ տարուան ընթացքին կատարած աշխատանքին ի տես։

Նորին Սրբութիւնը, իր հայրապետական օրհնութիւնը տալէ ետք, թելադրեց հայր սուրբին, որ լանջախաչ կրելու պատիւը, որպէս խթան եւ մղիչ ոյժ, առաւել եւս առաջնորդէ զինք՝ ծառայութեան ճամբով ծաղկեցնելու իր կոչումն ու առաքելութիւնը։