Խնձորի բերքը սառնարանին մէջ մթերելու ընթացքը փոքր վերիվայրումներով շարունակուեցաւ մինչեւ 2014-ի Քեսապի պարպումը։
Իսկ երբ քեսապցիք տուն ու տեղ վերադարձան, սառնարանին ելեկտրածին շարժակները ու ելեկտրական հոսանքի բարձր լարման եւ տկար լարման 1000 վ.-էն 220 վ. -ի սարքերը յափշտակուած գտան։ Օրուան վարչութեան (Պետրոս Դանիէլեանի ատենապետութեամբ) մտահոգութիւնն ու առաջին գործը եղաւ յափշտակուած սարքերը փոխարինել նորերով։
Շարժակներէն մին արդէն պատրաստ էր. այդ քեսապահայութեան տեղահանութեան օրերուն Ռուսիոյ հայ համայնքին տրամադրած օժանդակութեանց մաս կազմող ելեկտրածին շարժիչն էր։ Երկրորդ մըն ալ ապահովուեցաւ Լոս Անճելոսի քեսապցիներու Ուսումնասիրաց Միութեան յատկացուած նիւթական աջակցութեան միջոցաւ, ինչպէս նաեւ վերոյիշեալ բարձր լարման տնային հոսանքի վերածող սարքը (transformateur)։ Այս շտապ միջոցառումը նպաստեց որ այդ օրերուն (վերադարձի օրերուն) հասնող խնձորի բերքը (թէկուզ մեծ մասամբ որդերով վարակուած) մթերուի
սառնարանին մէջ, ինչ որ նպաստեց ժողովուրդի նիւթական հոգերու մեղմացման։
Տարիները սահեցան։ Մտած ենք 21-րդ դար։ Բայց մարդկութիւնը խաթարած է բնութեան եւ մանաւանդ կլիմայի ջերմաստիճանի հաւասարակշռութիւնը։ Բնականաբար Քեսապի կլիման ալ փոխուած էր աճ արձանագրած էր ջերմաստիճանը, ինչ որ խնձորի մշակման գործընթացքին վրայ ժխտականօրէն կ’անդրադառնար։
Երիտասարդ ու դալար ծառերը յանկարծ կը չորնային։ Խնձորը կորսնցուցած էր իր նախապէս ունեցած իւրայատկութիւնը՝ քանակական ու որակական իմաստով։ Աճած էին նաեւ բազմատեսակ վարակներ (սունկեր, որդեր ու ճճիներ). իսկ անոնց դէմ պայքարելու քիմիական միջոցները տարապայման սղած էին ու շուկաները ողողուած էին տեսակաւոր ու խարդախուած քիմիական բաղադրութիւններով։ Միւս կողմէ խախտած էր ելեկտրական հոսանքի թէ շարժիչներու բանեցման վառելանիւթի (մազոթ-Diesel) սակը, ի դիմաց բերքի վաճառման սակին՝ Սուրիոյ դէմ սահմանուած տնտեսական շրջափակման հետեւանքով։
Վերի տողերուն մէջ թուածս պայմաններուն լոյսին տակ, քեսապցիք սկսան բերքահաւաքի ընթացքին անմիջապէս վաճառել իրենց բերքը, խուսափելով ապա նաեւ հրաժարելով բերքը սառնարանին մէջ պահելու քայլերէն, ինչ որ շեշտակի ու կտրուկ պատահեցաւ 2022, 2023 եւ 2024 տարիներուն։
Ասոր դիմաց ընկերութեան ուսերուն կուտակուեցան հարկերը եւ յետնեալ պարտքերը, որոնք անխուսափելի էին արդէն։
2022-ին թէ 2023-ին համեստ փորձ մը կատարուեցաւ մասնակիօրէն բանեցնելու հաստատութիւնը (10 հազար սնտուկ) 10 առ հարիւրը իր տարողութեամբ, սակայն ապարդիւն։
2024-ին գումարուած երկու ընդհանուր ժողովներուն, բաժնետէրերու համեստ ներկայութեամբ, հանգամանօրէն սերտուեցաւ ստեղծուած իրավիճակը։ Կառոյցն ալ շատ նահանջած էր որպէս սառեցնող միջոց, որովհետեւ յիսուն տարուան կեանք ունեցող այդ մեկուսացուցիչ բնական նիւթը փճացած էր, ինչ որ կը ստիպէր որ պաղեցման գործին համար վառելանիւթի մեծ սպառում կատարուի (հոսանքի համարեայ չգոյութեան պայմաններուն մէջ)։ Ջերմային մեկուսացման համար նոր ու մեծ ծախս կը պատկերացուէր։
Քննուեցաւ նաեւ շէնքը օժտել արեւային ջերմոյժով բանեցնելու սարքերով (վահանակներ, մարտկոցներ (batteries), ելեկտրոնային սարքեր… եւ այլն), որոնք առասպելական ծախսի կը կարօտէին։ Իսկ անհրաժեշտ նիւթականը ապահովելու հորիզոնը ամուլ էր։
Սերտուեցաւ նաեւ ընկերութիւնը տուրքերէ զերծ պահելու հնարաւորութիւնը, ու ի յայտ եկաւ որ ներկայ (օրուան) օրէնսդրութիւնը չունի մեր պատկերացումներուն յարմար լուծումներ (օրինական)։
Միւս կողմէ մահացած բաժնետէրերուն բաժնետոմսերուն ժառանգորդներուն փոխանցելու գործն ալ ունէր բազմաթիւ դժուարութիւններ։
Երկու ժողովներն ալ հաստատեցին սառնարանը այս տարի եւս բանեցնելու անհնար ըլլալը։
* * *
Վերոյիշեալ տողերուն մէջ տալով պատմական ու պայծառադէմ կեանքը որ «ապրած» է ընկերութիւնը, ընդգծեցինք նաեւ թէ ի՛նչ մռայլ իրավիճակ ունի ան։
Ընկերութիւնը այսօր թէեւ փուլ չէ եկած, սակայն անմխիթարօրէն սառած ու կանգ առած վիճակ մը ունի։
Սիրելի ընթերցողները, մանաւանդ մեր հայկական կեանքին մէջ առաջնադիր ու պատասխանատու դիրքեր վարողները, գրութիւնս կոչ թող համարեն փլուզումէ փրկելու ընկերութիւնը, զոր անցնող 14 տարիներուն ընթացքին նօսրացած (թիւով ու որակով) քեսապահայութեան ջանքերով անկարելի է իրագործել ու փրկել զայն։
Հայ իրականութեան մէջ անոնք, որոնք նախանձախնդիր են Քեսապը եւ իր միջյարանուանական կամ միջկազմակերպական Կիլիկեան այս օրրանի մէկ շատ կարեւոր կառոյցը կանգուն տեսնել, պարտին շուտափոյթ հասնիլ անոր գոյութեան պահպանման մարտահրաւէրին։ Մանաւանդ որ Սուրիոյ մէջ 8 Դեկտեմբերէն ետք ստեղծուած յուսադրող նոր պայմանները կրնան դիւրացնել Քեսապն ու անոր սառնարանի ընկերութիւնը կանգուն պահելու գործը։
(շար. 2 եւ վերջ)
Կարո Մանճիկեան