Ուրբաթ, 31 Յունուար 2025-ին տեղի ունեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ուսումնական Խորհուրդին կողմէ ծրագրուած միջդպրոցական «Գծագիր Մեղեդի» ձեռնարկը՝ Արամ Մանուկեան Ժողովրդային Տան «Լեւոն Շանթ» սրահէն ներս, մասնակցութեամբ եօթը վարժարաններու՝  Ազգ. Միացեալ վարժարանի, Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի, Կիլիկեան Ճեմարանի, Մխիթարեան վարժարանի, Հայ Աւետ. Բեթէլ Երկրդ. վարժարանի, Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. վարժարանի եւ Զուարթնոց վարժարանի:
Ձեռնարկը փորձ մըն էր դուրս գալու դասական մրցոյթներու կաղապարէն եւ կազմակերպուած  աշխատանքին տալու նորարար ու թարմ շունչ, գոյն, խորք եւ մատուցման եղանակ:
Ինչպէս խորագիրը կը յուշէ ձեռնարկը ունէր գլխաւորաբար երկու ուղղութիւն՝ երաժշտական-գեղանկարչական, որ ընթացաւ հետեւեալ երեք փուլերով.
– Հանրածանօթ երաժշտական ստեղծագործութեան մը ունկնդրութիւն,
–  Ստեղծագործութեան նիւթին բացատրութիւն,
– Տպաւորութիւններու արտայայտութիւն՝ գծագրութեամբ:
Առաջին խմբակը (թիւով 32) կ’ընդգրկէր երրորդ, չորրորդ եւ հինգերորդ կարգերու աշակերտները: Անոնք ունկնդրեցին ընդհանրապէս փոքրիկներուն ծանօթ Պետիկն ու Գայլը  (Peter and the Wolf) պատմութեան երաժշտութիւնը, հեղինակ՝ Սերկէյ Փրոքոֆիեւ, միաժամանակ պաստառին վրայ հետեւեցան յիշեալ գործին տեսողական տարբերակին:
Ազգ.Վարչութեան ատենապետ, երաժշտագէտ Ժիրայր Րէիսեան մասնակիցներուն հանգամանօրէն բացատրեց գոյներուն, օգտագործուած երաժշտական գործիքներուն եւ ձայներուն կապակցութիւնը խորքին եւ տիպարներուն հետ: Ապա իւրաքանչիւր փոքրիկ թուղթին յանձնեց պատմութեան իրերայաջորդ դէպքերէն զինք մեծապէս տպաւորած պատկեր մը:
Երկրորդ խմբակը (թիւով 26) կ’ընդգրկէր վեցերորդ, եօթերորդ եւ ութերորդ կարգերու աշակերտները: Մասնակիցները ունկնդրեցին 1812 Overture-ը, հեղինակ՝ Փ.Ի. Չայքովսքի: Նախապէս Րէիսեան մանրամասնօրէն անդրադարձաւ սոյն գործին պատմական իրադրութեան, դէպքերու զարգացմանը՝ բաժին առ բաժին եւ զանոնք երաժշտութեամբ արտայայտելու համար որդեգրուած եղանակին: Իւրայատուկ, անհատական վերնագրով մը աշակերտը դարձեալ պատկերեց զինք ամենաշատ տպաւորած կամ յուզած «տեսարանը»:
Հարկ է նշել, որ «Գծագիր Մեղեդի»-ն մրցոյթի բնոյթ չի կրեր, այլ կը միտի աշակերտներուն գեղարուեստական ձիրքերը յայտնաբերել ու քաջալերել:  Հետեւաբար առ ի գնահատանք Խորհուրդս կը ծրագրէ մօտիկ ապագային սոյն ձեռնարկին բոլոր մասնակցողներուն գործերը ցուցադրել «Լեւոն Շանթ» սրահին մէջ:
Սոնա Ղազարեան