Երկրորդ Գիրք
Խորագիրն է՝ «Քրիստոսաբանութիւն-Անհատ Հաւատացեալին Ձեռատետրը», կամ «Քրիստոսի Վարդապետութիւնը՝ Քրիստոսաբանութիւն», հեղինակ՝ Տիմիթրի Արքեպիսկոպոս, հայացուց՝ Մակար Արք. Աշգարեան, հրամանաւ՝ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Արք. Աշգարեանի, մեկենասութեամբ Յովսէփ Վրդ. Աշգարեանի, լոյս տեսած է Հալէպ, Արմէն Գասպարեան տպագրատուն, 2024-ին։
Քրիստոսաբանութիւն՝ շատ պարզ բացատրութեամբ մը, քրիստոնէական աստուածաբանութեան մէջ բաժին մըն է, եւ Յիսուս Քրիստոսի կեանքին ու գործունէութեան դաւանաբանական ուսմունքներուն ընդհանուր անուանումն է։
Հեղինակը՝ Տիմիթրի Արքեպիսկոպոս, աւազանի անունով Րապըրթ Րոյսթըր, Մկրտչական ընտանիքի զաւակը եղած է, ապա յարած է ուղղափառութեան, որպէս նուիրեալ հոգեւորական ծառայած է ժողովուրդին, եւ Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ կողմէ գնահանտուելով վերանուանուած է Տիմիթրի, որ նաեւ անոր շնորհած է Արքութեան տիտղոս։ Հեղինակ է շուրջ մէկ տասնակ աստուածաբանական հատորներու։
Արդ, 173 մեծ չափի էջերու մէջ պարփակուած, տասնմէկ անջատ գլուխներ ընդգրկող եւ վերջաբանով աւարտող այս հատորին բովանդակութիւնը կը սկսի՝ Մակար Արքեպիսկոպոսի ստորագրած համապարփակ Նախաբանով, ուր ի միջի
այլոց ըսած է.
«Այս համեստ աշխատանքին հիմնական նպատակն է, ընթերցողին եւ մանաւանդ՝ եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն ներկայացնել Յիսուս Քրիստոսի մասին Եկեղեցւոյ ուսուցումներուն արդարացիօրէն մանրամասնեալ ամփոփումը։ Կը խորհինք որ նման ամփոփ աշխատանք մը զգալիօրէն անհրաժեշտ է, նկատի ունենալով որ շատ քիչ կը խօսուի Քրիստոսաբանութեան մասին, աստուածաբանութեան այն բաժինին մասին, որ անմիջականօրէն առնչուած է Փրկչին անձին եւ գործին հետ…»։
Նշուած տասնմէկ գլուխներուն մէջ, ժամանակագրական կարգով եւ դիւրամատչելի կերպով ներկայացուած է Քրիստոսի տնօրինական կեանքը՝ պարզելով Անոր «ճշմարիտ Աստուածամարդկային էութիւնը», երբ մենք քայլ պահելով հանդերձ ժամանակի եւ դարու պահանջներուն հետ, միաժամանակ հրաւիրուած ենք մեր հաւատքը խորացնելու եւ ամրապնդելու, իսկ այս գիրքը իսկապէս կրնայ ծառայել որպէս «Անհատ Հաւատացեալին Ձեռատետրը»։
Եւ Մակար Արքեպիսկոպոս Նախաբանին յաջորդող իր Երկու Խօսքին մէջ արդէն կը պարզէ.
«Այս երկասիրութեամբ, մեզի կը մատուցուի նիւթերու շարք մը, որ կը վերաբերի Յիսուս Քրիստոսի անձին, ծառայութեան ու պաշտօնին։ Եկեղեցակրօնական լեզուամտածողութեան մէջ, այս նիւթերը ծանօթ են Քրիստոսաբանութիւն (Christology) կամ Քրիստոսի վարդապետութիւն (The Doctrine of Christ) անուններով»։
Տեղին է մէջբերել նաեւ հատորին վերջաբանէն քաղուած այս դիտակէտային հատուածը.
«Քրիստոսի Թագաւորութիւնը ներկայ է եկեղեցւոյ ամբողջ պատմութեան ընթացքին։ Ան պայքարի մէջ է աշխարհի հետ, եւ անոր Գլուխը՝ Աստուածամարդ Քրիստոսը, ի վերջոյ, պիտի յաղթէ բոլոր իշխանութիւններուն, պետութիւնններուն, եւ զօրութիւններուն. այսինքն՝ ան պիտի յաղթէ բոլոր թշնամիներուն»։
Ահաւասիկ մասնագիտական, ճանաչողական բնոյթի, դիւրըմբռնելի, իր ծանօթագրութիւններով եւ աւարտին
տեղադրուած «օգտագործուած աղբիւրներ»-ու ցանկով՝ գիտական որոշ դիմագիծ ունեցող Քրիստոսաբոյր գիրք մը, որուն միջոցով մենք կրնանք աւելի մօտենալ Յիսուս Քրիստոսի, եւ պէտք է մօտենանք, ասուպային սլացքով ընթացող մեր առօրեայ կեանքի վերիվայրումներուն մէջ՝ քիչ մը աւելի ճանչնալու զՔրիստոս եւ աւելի հասկնալու Անոր երկնառաք առաքելութիւնը, որպէսզի կարենանք դրականօրէն կառչիլ կեանքին եւ քրիստոնէավայել կերպով ստեղծագործել։
Երրորդ Գիրք
Խորագիրն է՝ «Ճանապարհորդութեան Հացը-Ճառագայթումներ Իւրաքանչիւր Օրուան Համար», հեղինակ՝ Հէնրի Ժոզէֆ Մաքհիլ Նուըն (Henri Jozef Machiel Nouwen), հայացուց՝ Մակար Արք. Աշգարեան, հրամանաւ՝ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Արք. Աշգարեանի, հրատարակութիւն՝ Սուրիոյ Սուրբ Գրոց Ընկերութիւն-Հալէպի Գրասենեակ, 2024-ին։
Հեղինակը Գերման Լատին Եկեղեցւոյ պատկանող ընտանիքի մը զաւակը՝ հոլանտացի հոգեւորական եւ դասախօս, Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի վաղորդայնին՝ առաւելաբար գործած է Լատին Ամերիկայի երկիրներուն մէջ, ճանչուած է նաեւ իր մարդասիրական ծառայութիւններով, հեղինակ է երեսունէ աւելի հատորներու եւ կը նկատուի քսաներորդ դարու ամէնէն սիրուած եւ անուանի հոգեւորական-հեղինակներէն։
Գիրքին խորագիրը պերճախօս է, ուր 384 էջերու մէջ ներկայացուած են հոգեւոր համառօտ խորհրդածութիւններ՝ տարուան բոլոր՝ 365 օրերուն համար, եւ կեանքի այլազան նիւթերուն կողքին, ընթերցողը կ’առաջնորդուի խորհրդածելու հաւատքի հիմնական հարցերուն՝ Քրիստոսի եկեղեցւոյ, խորհուրդներուն, աղօթքի կարեւորութեան, սուրբերու հաղորդութեան ու ծառայութեան մասին։ Մակար Արքեպիսկոպոս սկիզբի իր Երկու Խօսքին մէջ կը հաստատէ.
«Հեղինակը, այս աշխատասիրութեան ընդմէջէն, մեզ կը հրաւիրէ իր հետ հոգեւոր ճանապարհորդութիւն մը կատարելու եւ կը քաջալերէ մեզ, որպէսզի ինքնագոհ եւ ինքնընծայ հոգեւոր կեանք մը զարգացնենք մեզի համար»։
Առանց տարեթիւի, սակայն միշտ ժամանակակից եւ ամէն օր մեզ զօրակցող այս գիրքէն հատուածի մը մէջբերումը կը կատարենք.
«ՀԱՍՆԻԼ ԼՈՒՍԱՆՑՔԱՅԻՆ ՀԱՄԱՐՈՒՈՂՆԵՐՈՒՆ»
«…Եկեղեցին շարունակաբար կը վերանորոգուի երբ մեր ուշադրութիւնը կը տեղափոխուի մեր անձերէն դէպի անոնց վրայ՝ որոնք մեր հոգատարութեան կարիքը ունին։ Յիսուսի օրհնութիւնը միշտ աղքատներու միջոցաւ է, որ մեզի կու գայ…»։
* * *
Այսքանը՝ գիրքերուն մասին։
Ամփոփելով, Բերիոյ Հայոց Թեմի հովանաւորութեամբ, Թեմի բարեխնամ առաջնորդին տքնութեամբ, իր հովուական, եկեղեցական, հոգեւոր, վարչական ու կազմակերպչական լեռնակուտակ պարտականութիւններով եւ պարտաւորութիւններով հանդերձ, ազնիւ մեկենասներու աջակցութեամբ, մեր տրամադրութեան տակ դրուած են՝ մասնագիտական հմտութեամբ եւ իրողապէս ապրուած կեանքի մը հարուստ կենսափորձով թարգմանուած, մաքուր արեւմտահայերէնով, համապատասխան բառապաշարով, նուազագոյն վրիպակներով, բովանդակութիւնները արտայայտող կողքի յատուկ ձեւաւորումներով, 21-րդ դարու համար նպատակամէտ երեք կրօնական-հոգեւոր, դաստիարակչական, ուսուցողական գեղատիպ թարգմանական հատորներ, որոնք անպայմանօրէն իրենց արժանի տեղը պիտի գրաւեն մեր աշխատանքի գրասեղաններուն կամ գիշերային լուսամփոփներուն մօտ, երբ մեր կարծիքով, եւ որպէս եզրակացութիւն՝ բառերը անզօր կը մնան բացատրելու այն ուղխինահոս հաւատքի ճառագայթումը, որ խորագոյն նշանակութիւն կը դրսեւորէ եւ անըմբռնելի դէպքերուն կամ յարակից դժուարութիւններուն ամէնէն տագնապալի ծալքերուն մէջ անգամ՝ յոյսի նշոյլներ կը ցայտէ։
Այս գիրքերուն բաղկացուցիչ հմայքը կը հանդիսանայ նաեւ անոնց որակական լուրջ մօտեցումը դէպի համայնականը, նոյնիսկ դէպի համամարդկայինը, ուր կը կարծենք, թէ իւրաքանչիւր ընթերցող ուր որ ալ ըլլայ, ժամանակի եւ միջոցի որ ոլորտին մէջ ալ գտնուի, անոնց մէջ տեղ մը անպայման պիտի տեսնէ ինքզինք, պիտի գտնէ գիտակացական յղացքով կենսաւորուած իր հաւատքը, իր ապրումները, ինչու չէ իր երազանքները՝ յարանուաճ յաջողութիւններու տեսիլքով գօտեպնդուած…։
Հիմա այստեղ, եթէ Մակար սրբազանը ըլլար, պիտի ըսէր.
ՓԱՌՔ ԱՍՏՈՒԾՈՅ
Իսկ մենք որդիաբար կ’ըսենք.
Ձեր վարձքը կատար եւ գրիչը դալար,
Ուժ, կորով եւ կարողութիւն, սիրելի՛ Մակար սրբազան։
(շար. 2 եւ վերջ)
Դոկտ. Հուրի Ազէզեան