Թէեւ շատ փափաքած եմ, բայց բնաւ ներկայ չեմ եղած Ֆրանքֆուրթի գիրքի միջազգային ցուցահանդէսին: Եթէ ներկայ եղած ըլլայի, հաւանաբար շատ ալ տարբեր պիտի չըլլար Գահիրէի միջազգային գիրքի ցուցահանդէսէն, գոնէ այցելուներու թիւին առումով:
Կարիք ունի՞մ գիրքի ցուցահանդէսի մը երթալու, երբ ձեռքիս տակ ունիմ գոնէ չորս լեզուներով գրուած բազմահազար գիրքեր:
Բայց չեմ կրնար դիմադրել նման ցուցահանդէսի մը քաշողականութեան, թէեւ ճամբուն հեռաւորութիւնը եւ վերջերս Uber-ներու կապուած անհաճոյ դէպքերը մտածել կու տան:
Կը հաւաքեմ քաջութիւնս եւ ճամբայ կ’իյնամ: Ցուցահանդէսներու վայրը շատ հեռու է եւ շատ մեծ: Կը ճամբորդեմ գրեթէ կէս ժամ եւ կը հասնիմ ոչ-մէկ-տեղի ճիշդ մէջտեղը:
Քանի մը քիլոմեթր հեռուէն իսկ ինքնաշարժներու խճողումը կը սկսի: Թէեւ կառանատեղեր կան, բայց լեփ լեցուն են.
ուշ հասած ինքնաշարժները կառաներ են ճամբուն երկու կողմերը: Մեծ թիւ կը կազմեն պասերը, որոնք այլ քաղաքներէ այցելուներ կը բերեն այս ցուցահանդէսին:
Հինգ շատ մեծ կառոյցներ կը պարփակեն ամբողջ ցուցահանդէսը, որուն կը մասնակցին ոչ միայն Եգիպտոսի բազմահարիւր հրատարակչատուները, այլ նաեւ արաբական այլ երկիրներու հրատարակչատուներ, իրենց տարբեր հրատարակութիւններով, ուր իրապէ՛ս մեծ տեղ կը գրաւեն աշխարհի տարբեր եւ կարեւոր լեզուներէն եղած թարգմանութիւնները:
Կը դիտեմ ցուցադրուած գիրքերը, բայց աւելի շատ կը դիտեմ այցելուներու խայտաբղէտ բազմութիւնները՝ եգիպտացիներու կողքին նաեւ սուտանցիներ, սէուտցիներ, Ափրիկէի այլ երկիրներու բնակիչներ:
Իրենք ալ զիս կը դիտեն նախ զարմանքով, ապա՝ կասկածով, մանաւանդ երբ լրջօրէն կը դարձնեմ գիրքերը, ետեւի կողքին ամփոփումը կարդալու համար: Տաղաւարներէն մէկուն առջեւ տարիքոտ պաշտօնեայ մը անգլերէն խոհագիրք մը երկարեց:
_ Ինչո՞ւ ինծի այս գիրքը կու տաք,_ զարմացած հարցուցի արաբերէնով:
Մարդը պահ մը անճրկեցաւ, յետոյ ժպիտով ըսաւ.
_Որպէսզի մլուխիէ եփել սորվիս …
Մուտքին մեծ բազմութիւն կար, ընդհանրապէս երիտասարդներէ բաղկացած: Փորձեցի հասկնալ թէ ինչի՞ կը սպասէին այդպէս խճողուած, սրահէն դուրս, բակին մէջ, շա՜տ փոքր կրպակի մը առջեւ:
_Սէուտցի գրագէտ մըն է, որ իր վերջին գիրքը կը ստորագրէ,_ ըսաւ երիտասարդուհի մը, որ կարծես համալսարանի ուսանող էր:
Լսեցի եւ իրապէ՛ս նախանձեցայ. այսքա՜ն երիտասարդ, այսքա՜ն մեծ թիւով, հեղինակի մը ստորագրութիւնը սպասող…
Սքանչելի, միաժամանակ վիրաւորիչ զգացում է տեսնել ցուցահանդէսին այդ մեծ խճողումը:
_Կը հաւատացնեմ քեզի,_ կ’ըսէր վարորդը,_ երէկ միլիոն մարդ կար հոս:
_Մէկ միլիոն մարդ չի՛ բաւեր այդ տարածքին վրայ,_ ըսի:
Բայց երբ աչքերովս տեսայ խճողումը, մտածեցի՝ եթէ ոչ մէկ միլիոն, գոնէ քանի մը տասնեակ հազար մարդ կայ այս պահուն, այստեղ:
Գահիրէի գիրքի միջազգային 56-րդ ցուցահանդէսին նշանաբանն է՝ «Կարդացէ՛ք … Սկիզբէն էր Բանը» («Read… In the beginning was the Word»):
Ցուցահանդէսին կը մասնակցին 80 երկիրներէ 1345 հրատարակչատուներ եւ աւելի քան վեց հազար ցուցադրողներ:
Օմանի Սուլթանութիւնը այս տարուան պատուոյ հիւրն է ցուցահանդէսին, ցուցադրութեան դէմքը՝ գրագէտ, փրոֆ. դոկտ. Ահմետ Մուսթակիր, մանկական գիրքերու գլխաւոր դէմքը՝ մանկագիր գրագիտուհի Ֆաթիմա ալ-Մաատուլ:
Տարիներ առաջ երբ Գահիրէ հասայ, արդէն մոռցեր էի արաբերէն ընթերցելու հաճոյքը, մինչեւ որ բարեկամուհիս՝ Սօսէն ինծի նուիրեց Մուհամմետ Սատէքի 2014-ին հրատարակուած «Հէփթա» վէպը, որ ինծի վերադարձուց այդ մոռցուած հաճոյքը: Անդրադարձայ թէ նոր եւ հսկայ գրականութիւն մը կայ այստեղ, արաբական աշխարհի ամէնէն մեծ եւ ամէնէն «արուեստասէր» երկրին մէջ, որմէ գաղափար չունէի: Անդրադարձայ նաեւ, թէ որքա՜ն բախտաւոր ենք, որ այս գեղեցիկ եւ դժուար լեզուն մանկուց սորվելու առիթը ունեցեր ենք:
Ընթերցումներու նոր դուռ մը բացուեր էր ինծի համար, խրախճանք մը, որուն գագաթնակէտը գիրքի տարեկան ցուցահանդէսն էր:
Նման մեծ եւ ճոխ ցուցահանդէս մը տեսեր եմ Տոհայի մէջ (Քաթար): Եւ ինչպէս միշտ, բաւական գիրքեր գներ էի: Հնդիկ պաշտօնեան ըսեր էր, որ վերջին օրը ՇԱՏ մեծ զեղջեր պիտի ըլլան: Կրկին գացեր էի եւ երկու լեցուն տոպրակ գիրք գնած տուն վերադարձեր էի:
Գիրքի սիրահարները պէտք է գիտնան, թէ նման գնումներէ վերադարձին առաջին հաճոյքը, գաւաթ մը թէյի կամ սուրճի
հետ, գնուած գիրքերը մէկ-մէկ շօշափելն է, էջերը թերթատելը, նախահամ մը առնելը:
Ճիշդ այդպէս ալ սկսեր էի գնած գիրքերուս վայելքին, երբ յանկարծ տոպրակին վերջին գիրքը ձեռք առի՝ The Penguin
Book of Death. սառեցայ. ե՞ս գներ էի այդ գիրքը. չէի յիշեր գնած ըլլալս. հիմա կը մտածեմ՝ թերեւս հնդիկ պաշտօնեան որպէս նուէր – իրեն համար՝ դարակներուն վրայ մնացած այդ գիրքէն ձերբազատուելու լաւագոյն միջոց – դրած էր տոպրակներուս մէջ …
Պարզ զուգադիպութի՞ւն էր, որ նոյն տարին Գէորգը մահացաւ: Թերեւս: Չեմ գիտեր: Գիրքը, որ անկողնիս քով ընթերցումի իրենց հերթը սպասող գիրքերուն շարքին մէջ էր, վերցուցի եւ գրադարանիս հեռու մէկ անկիւնը թխմեցի:
Քանի մը տարի վերջ հանեցի, կարդացի եւ մտածեցի՝ ամէն մարդ պէ՛տք է կարդայ այս գիրքը, թերեւս անոր համար, որ կ’օգնէ ընտելանալ մահուան գաղափարին: Կ’օգնէ՞: Կարելի՞ է ընտելանալ մահուան հետ: Ինծի չօգնեց: Պարզապէս ծանօթացայ աշխարհի սկիզբէն եղած այդ գրականութեան՝ փարաւոններու օրերէն մինչեւ 20-րդ դարուն կէսերը:
Տխո՞ւր է արդեօք թէ ուրախալի, տեսնել որ բոլոր դասական գիրքերը մեծ զեղջերով կը վաճառուին, գոնէ Գահիրէի գիրքի 56-րդ ցուցահանդէսին. կ’երեւի քաջալերելու համար երիտասարդները, որ ծանօթանան դասական համարուող գրականութեան:
Գահիրէի գիրքի այս տարուան ցուցահանդէսը քիչ մը տարբեր էր նաեւ անոր համար, որ նախկին եգիպտահայ գրագէտ-թղթակից Թովմաս Կորկիսեանի արաբերէն երրորդ գիրքը կը ներկայացուէր հոն՝ «Մաշրապիէթ Հայաթի ուա Անա ալ-Աշէգ ուալ Մաաշուգ»:
Կորկիսեան իր գիրքը արաբերէնով կը մակագրէր բոլորին, բայց անունը կը ստորագրէր հայերէն:
Յուսա՞լ թէ օր մը հայերէն գիրքերը եւս իրենց տեղը կրնան գտնել գիրքի միջազգային տարբեր ցուցահանդէսներու մէջ, թէ՞ շատ երազային պիտի ըլլար ատիկա…
Մարուշ Երամեան