Երեքշաբթի, 4 Յունուար 2025-ին, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի հրաւէրով, Սուրիոյ նախագահ Ահմետ աշ-Շարաա եւ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ աշ- Շայպանի Թուրքիա այցելեցին:
Սուրիոյ նախագահն ու արտաքին գործոց նախարարը հանդիպում ունեցան Թուրքիոյ նախագահին հետ նախագահական պալատէն ներս։
Հանդիպման աւարտին մամլոյ ասուլիս մը տեղի ունեցաւ, որուն ընթացքին
Սուրիոյ նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց Թուրքիոյ նախագահին՝ Սուրիոյ ժողովուրդին զօրակցութեան համար, շեշտելով որ երկու երկիրներու եղբայրական յարաբերութիւնը պիտի վերածուի ռազմավարական գործակցութեան՝ տարբեր ոլորտներու մէջ։ Նախագահ Շարաա յայտնեց նաեւ որ կողմերը զրուցած են «Իսրայէլ»-ի վերջին շրջանին թափանցած տարածքներէն դուրս գալու կարեւորութեան շուրջ՝ համաձայն 1974-ի բախումներու բացառումի պայմանագրութեան։ Նախագահը իր խօսքի աւարտին շեշտեց, որ Սուրիա պիտի ձգտի ապահովութեան երաշխիք դառնալ դրացի երկիրներուն համար եւս, ապա Թուրքիոյ նախագահը Սուրիա այցելութեան հրաւիրեց։
Թուրքիոյ նախագահը Շարաաի այս այցելութիւնը պատմական համարելով ըսաւ, որ ոչ միայն Սուրիոյ, այլեւ տարածաշրջանին մէջ նոր էջ մը կը բացուի, աւելցնելով որ նախագահ Շարաաի հետ խորհրդակցած են Սուրիոյ մէջ ապահովութեան եւ տնտեսութեան կայունացման հարցերուն շուրջ։ Թուրքիոյ նախագահը անդրադառնալով Սուրիա-Թուրքիա յարաբերութեան ըսաւ, որ «Դրացի Սուրիոյ հետ մեր յարաբերութիւնը երկար ատենէ ի վեր հիմնուած է անոր տարածքային ամբողջականութեան եւ ապահովութեան վրայ»: