Վերջին տասնամեակին, ի տես արեւմտահայերէն դասաւանդող ուսուցիչներու գրեթէ չգոյութեան, մտաւորականներու եւ կարգ մը պատասխանատու անձերու համար մտահոգիչ դարձած այ՛ս երեւոյթը նիւթ տուած է յօդուածներու եւ հարցադրումներու: Ո՛չ Հայաստանի մէջ, ո՛չ ալ Սփիւռքի տարածքին ունեցած ենք ուսուցիչներ պատրաստելու գոնէ մէկ հիմնարկ, որուն գլխաւոր նիւթը արեւմտահայերէնը ըլլար, այլ նիւթերու, ինչպէս մանկավարժութեան եւ հոգեբանութեան կողքին:
Սակայն հետաքրքրական է գիտնալ, որ նախաեղեռնեան շրջանին, Վանի մէջ (Արեւմտահայաստան) ունեցած ենք «վարժապետանոց», ուր գաւառներու նոր բացուող դպրոցներուն համար ուսուցիչներ պատրաստուեր են:
Վանի վարժապետանոցը երկու հանգրուաններ ունեցած է, որոնցմէ երկրորդը՝ ՀԲԸ Միութեան հովանիին տակ:
Այս մասին գրեր են Համբարձում Երամեան իր «Յիշատակարան» երկհատոր աշխատութեան Բ. Հատորին մէջ եւ Ռոպէր Թաթոյեան, որոնցմէ քաղուածքներ կը ներկայացնենք այստեղ:
Վանի վարժապետանոցը (1879-1881) – Կեդրոնական վարժարան (1881-1885)
Վանի առաջին վարժապետանոցը հիմնուեր է 1879-ի Յունուարի 1-ին, Պոլսոյ «Արարատեան» կրթամշակութային ընկերութեան (1880-էն՝ Միացեալ Ընկերութիւն) կողմէ։ Վարժապետանոցը Վանի մէջ հաստատելու նախաձեռնութիւնը կը պատկանի Մկրտիչ Փորթուգալեանին, որ այդ կրթական հաստատութեան եւ Վասպուրականի շրջանի Արարատեան ընկերութեան կողմէ հիմնուած բոլոր վարժարաններուն  տեսուչն էր։
Վարժապետանոցին նպատակն էր քաղաքի եւ գաւառի հայաբնակ գիւղերուն համար ուսուցիչներ պատրաստել։
Ուսումնական առաջին տարեշրջանի վարժապետանոցի աշակերտներուն թիւը 35 էր։ Վարժապետանոցի ուսման տեւողութիւնը սահմանուած էր 4 տարի. կը դասաւանդուէին հայերէն լեզու, կրօնագիտութիւն, օտար լեզու (ֆրանսերէն կամ անգլերէն), թրքերէն, ընդհանուր (ներառեալ Օսմանեան կայսրութեան) պատմութիւն եւ մատենագրութիւն, «չափաբերութիւն» (թուաբանութիւն եւ երկրաչափութիւն), աշխարհագրութիւն, գեղագրութիւն, գծագրութիւն, մարմնամարզութիւն, ձայնական երաժշտութիւն (երգեցողութիւն)։ Վարժապետանոց կ’ընդունուէին 13 տարեկանէն վեր տղաք, Արարատեան ընկերութեան նախակրթարան վարժարանի աւարտական վկայականով կամ նախակրթարանի ծրագրին հիման վրայ ընդունելութեան քննութիւն յանձնելով։
Դասաւանդութիւնները կ’ընթանային նոր եւ արդիական կրթական ծրագրերով եւ մեթոտներով։ Այսպէս. Վանի կրթական պատմութեան մէջ առաջին անգամ վարժարանը ունեցեր է գործնական մարմնամարզութեան դասեր, կանոնաւոր կերպով դասաւանդուած հանրահաշիւ եւ բնագիտական նիւթեր:
Վարժապետանոցի ուսուցչական խումբը բաղկացած էր 8 դասատուներէ եւ կը ներկայացնէր 19-րդ դարու 70-80-ական թուականներուն Վան-Վասպուրականի կրթական գործիչներուն լաւագոյնները՝ Մ.  Փորթուգալեան (վարժապետանոցի եւ Վան-Վասպուրականում Արարատեան ընկերութեան կողմէ հիմնադրուած բոլոր վարժարաններու տեսուչ), Մարկոս Նաթանեան (փոխտեսուչ, հայերէնի եւ ընդհանուր պատմութեան դասատու), Տ.  Դիոնէսիոս քահանայ (կրօնագիտութեան դասատու), Տիգրան Ամիրճանեան (ֆրանսերէնի եւ թրքերէնի դասատու), Մելքոն Պարթեւեան (թուաբանութեան եւ երկրաչափութեան դասատու), Խորէն Խրիմեան (աշխարհագրութեան, գեղագրութեան, գծագրութեան եւ մարմնամարզութեան դասատու), Պօղոս Նաթանեան (ձայնական երաժշտութեան դասատու) եւ Աբրահամ Գուտրէթեան (կարգապահ)։
1881-ին Միացեալ ընկերութիւնը կը դադրի վարժապետանոցի ծախսերը հոգալէ, եւ Մկրտիչ Փորթուգալեան ձեւով մը ստիպուած կ’որոշէ այդ կրթական հաստատութիւնը սեփական ուժերովը շարունակել որպէս անձնական դպրոց, Կեդրոնական վարժարան անունով, որ կը գործէ մինչեւ 1885 եւ կը փակուի Օսմանեան իշխանութիւններուն որոշումով:
1881-1882-ի ուսումնական տարեշրջանի վարժարանի աշակերտութեան թիւը 68 էր, որոնցմէ 37-ը՝ նախակրթարան (տարրական կրթութեան մակարդակ՝ 2 տարուան ծրագրով), 31-ը՝ «ուսումնարան» (հիմնական եւ միջնակարգ կրթութեան մակարդակ՝ 4 տարուան ծրագրով)։ Վարժարանին մէջ կը դասաւանդէին 16 ուսուցիչներ։
Նախակրթարանի մէկ աշակերտի տարեկան թոշակը 12 արծաթ մէճիտիէ էր, «ուսումնարանի» աշակերտինը՝ 20 արծաթ մէճիտիէ։ Վարժարանի աշակերտներէն 21-ը, որբեր եւ աղքատ ընտանիքներու զաւակներ ըլլալով, ձրի կ’ուսանէին։ Անոնք ընդունուեր էին Խրիմեան Հայրիկի առաջարկութեամբ, որ խոստացեր էր այդ աշակերտներուն համար թոշակ վճարող բարերարներ գտնել եթէ ոչ Վանէն, ապա գոնէ Թիֆլիսէն։
Վարժապետանոց-Կեդրոնական վարժարանը կարեւոր դեր ունեցաւ 1880-ական թուականներուն Վանի կրթական կեանքէն ներս.  Վանի միւս դպրոցները աստիճանաբար սկսան ընդօրինակել Կեդրոնականի ուսուցման կազմակերպման ձեւերը՝ դասարաններու բաժանումին մեթոտը, կազմութիւնը, աշակերտներուն համար առանձին գրասեղաններ ունենալը, նաեւ գործնական աշխատանքներ՝ զբօսանքի միջոցով դասաւանդումի կազմակերպում, ամառնային արձակուրդի սովորութիւն եւ այլն։
Վանի երկրորդ վարժապետանոցը (1911-1915)
Վանի երկրորդ վարժապետանոցը բացուեր է 1911-ի Հոկտեմբեր 24-ին, Հայոց Միացեալ Ընկերութեան կողմէ։ Այս կրթական հաստատութեան հիմնական ծախսերը հոգացեր է Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Եգիպտոսի մասնաճիւղը, որ այդ շրջանին Արեւմտահայաստանի այլ դպրոցներ կը հոգար նաեւ:
Վարժապետանոցը նախատեսուած էր 4 տարուան ուսուցման համար (կրտսերագոյն, կրտսեր, երէց, երիցագոյն աստիճաններով): Այդ չորս տարիներու ընթացքին պէտք էր իրագործուէր՝ ա) երկրորդական կրթութիւն, բ) մանկավարժական կրթութիւն (տեսական եւ գործնական) եւ գ) գիւղատնտեսական կրթութիւն։
Վարժապետանոցէն ներս դասաւանդուեր են կրօն, հայերէն, թրքերէն, ֆրանսերէն, ռուսերէն, մաթեմատիկա (թուաբանութիւն, հանրահաշիւ, երկրաչափութիւն), բնական գիտութիւններ (հանքաբանութիւն, տարրաբանութիւն, բուսաբանութիւն, կենդանաբանութիւն, աշխարհագրութիւն, ելեկտրագիտութիւն, գիւղատնտեսութիւն), ընդհանուր պատմութիւն, քննական պատմութիւն հայոց եւ հայ մատենագրութիւն, քաղաքական տնտեսագիտութիւն, բարոյական փիլիսոփայութիւն, իմաստասիրութեան պատմութիւն, երաժշտութիւն, գծագրութիւն, ձեռարուեստ, մարմնամարզութիւն, մանկավարժութիւն, հոգեբանութիւն, դպրոցավարութիւն եւ մանկավարժութեան պատմութիւն։
Վարժապետանոցէն ներս կային վճարովի եւ անվճար սաներ: Տարեկան ուսման թոշակը 4 օսմանեան ոսկի էր։ Թոշակի վճարումէն կրնային զերծ մնալ նիւթապէս անկարող այն աշակերտները, որոնք «ուսումնական արժանիք ունենալով միասին՝ բնաւորութեան ու նկարագրի տեսակէտով ալ արժանաւոր ուսուցիչ ըլլալու վստահութիւն կը ներշնչեն եւ որոնք երաշխաւորուած մուրհակով կը պայմանաւորուին չորս տարի պաշտօնավարել «Միացեալ»-ի նշանակած որեւէ գաւառի եւ գիւղի նախակրթարանին մէջ»։
Բացման առաջին տարին վարժապետանոցի տնօրէնն էր Յովսէփ Գույումճեանը. 1912-ին զինք փոխարինեց Ամերիկայի ԼՈՅՍ կիսամսաթերթի հրատարակիչ եւ Միացեալ Ընկերութեան Կարնոյ շրջանի ընդհանուր տեսուչ Միքայէլ Մինասեանը։
1911-12 ուսումնական տարուան աշակերտներուն թիւն էր 24 տղաք, որոնց կը դասաւանդէին 5 ուսուցիչներ։ 1914-15 տարեշրջանին վարժապետանոցի աշակերտներուն թիւը կը հասնի 80-ի, իսկ ուսուցչական կազմինը՝  9-ի (5-ը՝ մնայուն, 4-ը՝ այցելու)։
1915 թուականը սակայն պատճառ կը դառնայ որ Վարժապետանոցն ալ, Արեւմտահայաստանի մնացեալ բոլոր դպրոցներուն նման փակուի, աշակերտներն ու դասատուները ցրուին եւ կեանքը, ինչպէս գիտէինք 1915-էն առաջ, վերջնականապէս անհետանայ:
Մարուշ Երամեան