Հայրական ջերմ սիրով եւ աստուածային օրհնութեամբ ի սրտէ կ’ողջունենք Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային իշխանութիւնը, ժողովականութիւնն ու մեր սիրեցեալ ժողովուրդի զաւակները 2025 Նոր Տարուան եւ մեր Տիրոջ ու Փրկչին՝ Յիսուսի Քրիստոսի երկնախոնարհ սուրբ Ծննդեան ու աստուածայայտնութեան բարեբաստիկ տօներուն առիթով, խնդրելով ու աղօթելով որ մանկացեալ Աստուածամարդ Տիեզերաստեղծը իր կենդանի ներկայութեամբ զգալի դարձնէ իր բնակութիւնը մեր մէջ, լիացնէ մեր կեանքը, կենսաւորէ մեր սիրտը եւ կերպարանափոխէ մեր էութիւնը, որպէսզի բացուող նոր տարուան հետ, իրաւամբ նորոգուած մտքերով նոր մարդ ըլլանք՝ որպէսզի մեր փորձառութեամբ, ինչպէս հեթանոսաց առաքեալը՝ Պօղոս կ’ըսէ. «Ընտրենք լաւը, գիտնալով Աստուծոյ կամքը, այսինքն՝ ինչ որ բարի է, ընդունելի է իրեն եւ կատարեալ» (Հռ 12.2)։
Ի՞նչ բանը նոր կ’ընէ տարին։ Միթէ օրերու սոսկ եւ բնական թաւա՞լքն է օրը կամ տարին նորի վերածողը, թէ՝ ա՛յլ բան։ Միթէ դուն չե՞ս ո՛վ մարդ, Աստուծոյ պատկերով ու նմանութեամբ ստեղծուածդ չէ՞, քեզմով, քու մօտեցումովդ, աշխատանքովդ, աշխարհայեացքովդ, ինչպէս նաեւ մտածելու եւ ստեղծագործելու կարողութեամբդ չէ՞ որ օրն ու տարին նոր կ’ընես ու կը դարձնես։ Այո՛։ Մենք ենք, մարդ արարածն է որ իր աստուածատուր կարողութեամբ ամէն ինչ նոր կը տեսնէ ու կ’ընէ, որուն համար ալ առաքեալը կարեւորութեամբ կը յորդորէ ու կը թելադրէ. «Վերանորոգուեցէ՛ք հոգիով՝ ձեր մտածելակերպը փոխելով, եղէ՛ք նոր մարդ մը՝ Աստուծոյ պատկերին համաձայն ստեղծուած, եւ ապրեցէ՛ք ճշմարիտ կեանքը՝ արդարութեամբ ու սրբութեամբ» (Եփ 4.23-24)։
Ահաւասիկ մարտահրաւէրը, որ զօրեղ կերպով կը հնչէ մեզմէ իւրաքանչիւրին ականջին ու սրտին եւ կը հրաւիրէ մեզ այս անկիւնադարձային ժամանակահատուածին մէջ, 2025 նոր տարին սկսելու ամբողջութեամբ նորոգուած հոգիով ու մտածելակերպով, կենդանի եւ գործնական հաւատքով, սիրով եւ յոյսով գօտեպնդուած ու շնչաւորուած վստահելու Աստուծոյ եւ առանց երկմտանքի աղօթելու, որպէսզի կարենանք անցեալէն մեր դիմաց քաշուած վախի, սարսափի, անորոշութեան, մեղքի, անհանդուրժողութեան, ամբարշտութեան եւ այլամերժութեան թանձր վարագոյրը պատռել ու մեր ներուժը անդամալուծող շղթաները փշրել եւ մեր առջեւ բացուած բարօր ապագայի տեսլականին կառչած՝ մեր կարելին ի գործ դնենք՝ վերաշինելու եւ վերականգնելու համար մեր երկիրը, մեր ընկերութիւնն ու մեր կեանքը։
Այո՛, այս ընելու համար, յաջողելու համար, վերականգնելու համար, երկիրը առողջ հիմերու վրայ կառուցելու համար անհրաժեշտ-օրէն պէտք է միասնաբար աղօթենք, առանց որուն չակնկալենք օրհնութիւն, բարիք, բարօրութիւն եւ դրական փոփոխութիւն։ Առաքեալը, ինչպէս անցեալին՝ այսօր եւս եւ մանաւանդ այս նոր տարուան առիթով քեզ, զիս եւ մեզ բոլորս կը հրաւիրէ աղօթելու, երբ կ’ըսէ. «Արդ, ամէն բանէ առաջ կը խնդրեմ որ աղօթէք, խնդրանք, պաղատանք եւ գոհութիւն մատուցանէք բոլոր մարդոց համար, մանաւանդ թագաւորներուն եւ իշխանութեան գլուխ գտնուող բոլոր մարդոց համար, որպէսզի խաղաղ ու հանդարտ կեանք մը վարենք՝ կատարեալ աստուածպաշտութեամբ եւ պարկեշտութեամբ, որովհետեւ, այդ է բարին եւ այդ կը փափաքի Աստուած, մեր փրկիչը» (Ա.Տմ 2.1-3), ինչպէս նաեւ՝ «Ոեւէ բան թող չմտահոգէ ձեզ. այլ միշտ ձեր աղօթքներուն մէջ գոհաբանութեամբ Աստուծմէ խնդրեցէք ինչ բանի որ կարիքը կը զգաք, եւ այն ատեն Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ միտքով կարելի չէ հասկնալ, խաղաղ պիտի պահէ ձեր սիրտերն ու միտքերը, որոնք Քրիստոս Յիսուսի միացած են» (Փլպ 4.6)։ Միթէ Յիսուս՝ մեր Տէրը չըսա՞ւ՝ «Աղօթած ատեն ինչ որ հաւատքով խընդրէք՝ պիտի ստանաք» (Մտ 21.22)։
Ահաւասիկ, պատրա՞ստ ես նորոգուած մտածելակերպով ու հոգիով, նոր մօտեցումով ու տեսլականով աղօթական կեանքդ կենդանացնել ու քեզմով ողջ շրջապատդ բարեփոխել։
Ինչպիսի՜ դժբախտութիւններ ու դառն պայմաններ ալ որ ապրեցանք ու փորձարկեցինք անցնող տարիներուն, բոլորն ալ անցան։ Հին բաները անցան եւ ամէն ինչ ամբողջութեամբ նորոգուեցաւ, կ’ըսէ առաքեալը (Բ.Կր 5.17)։ Այո՛, մեր կեանքը ճնշող, քանդող, աղքատացնող, խեղդող, անդամալուծող, կործանող, սուգի, տրտմութեան եւ հիասթափութեան մատնող, խաւարեցնող ու մթագնող, դժուարութիւններով, ցաւերով, տառապանքով ու անհամար նեղութիւններով չարչարող ու տագնապեցնող բաները անցան եւ այսօր նոր անկիւնադարձի մը առջեւ կը գտնուինք սիրելիներ, նոր առիթն է որ կ’ընծայուի մեզի, որուն համար հաւատքը, յոյսն ու սէրը անհրաժեշտ պահանջքներ են վստահութեամբ լեցուելու եւ անոնցմով տեսնելու ու համոզուելու որ հին բաները իսկապէս անցան եւ ամէն ինչ ամբողջութեամբ նորոգուեցաւ եւ պիտի նորոգուի։ Ուստի, չվախնանք, չյուսահատինք, այլ կառչած մնանք Աստուծոյ խոստումին, որ կ’ըսէ՝ «Ահա ձեզի հետ պիտի ըլլամ, մինչեւ աշխարհիս վախճանը» (Մտ 2.20), եւ վստահ ըլլանք, որ մեր երկրաւոր ուղեւորութեան ընթացքին Աստուած մեր կողքին է, եւ իբրեւ այդպիսին ապրինք եւ որպէս լոյս ճառագայթենք մեզ շրջապատող ու տակաւին ճնշող անորոշութեան խաւարին մէջ։
Այո՛, Քրիստոնեան հաւատացող եւ հաւատքի մարդն է։ Հաւատքով ապրող ու պայքարող մարտիկն է։ Հաւատքով լեռները տեղափոխող հսկան է ու յոյսով աշխատող, սերմանող ու հնձող տիպարն է եւ մանաւանդ սիրով հրաշագործող հաւատացեալն է։ Այսօր է ժամանակը եւ հիմա է պահը, ուր ցոյց պէտք է տանք մեր հաւատքը, այն հաւատքը, որուն մասին Յիսուս կ’ըսէ. «Աստուծոյ վրայ հաւատք ունեցէք։ Վստա՛հ եղէք, ով որ այս լեռան ըսէ. «Ե՛լ եւ ծով ինկիր», եւ եթէ մտքին մէջ չտարակուսի, այլ հաւատայ թէ ըսածը պիտի ըլլայ, ի՛նչ որ ըսէ՛ պիտի կատարուի» (Մր 11.23)։ Կ’ուզե՞ս որ Աստուած քու կեանքիդ մէջ գործէ, ապա էական է որ անոր հաճութիւնը շահիս։ Եւ առաքեալը կը յիշեցնէ միակ կերպը, երբ կ’ըսէ. «Առանց հաւատքի անկարելի է Աստուծոյ հաճութիւնը շահիլ։ Ուստի Աստուծոյ մօտեցողը պէտք է հաւատայ՝ թէ ան գոյութիւն ունի եւ կը վարձատրէ անոնք որ զինք կը փնտռեն» (Եբր 11.6)։
Յոյսին համար կը կարդանք. «Կը պարծենանք նաեւ մեր նեղութեանց մէջ, գիտնալով որ նեղութիւնները մեզի համբերութիւն կու տան, համբերութիւնը՝ տոկունութիւն, եւ տոկունութիւնը՝ յոյս, իսկ յոյսը երբեք ամօթով չի ձգեր, որովհետեւ Աստուծոյ սէրը տեղ գտած է մեր սիրտերուն մէջ, մեզի տրուած Սուրբ Հոգիին միջոցաւ» (Հռ 5.3-5)։
Եւ վերջապէս Քրիստոնէական սէրդ գործնականօրէն ապրիր, որպէսզի ամէն տեսակ վախ փարատի։ Մեր սէրը միայն խօսքով ու լեզուով պէտք չէ ըլլայ, այլ գործով արտայայտուած ճշմարիտ սէր։ Որովհետեւ ինչպէս սիրոյ առաքեալը՝ Յովհաննէս կ’ըսէ. «Սէր ունեցողը վախ չունի, (այլ խօսքով չի՛ վախնար), որովհետեւ կատարեալ սէրը ամէն վախ կը փարատէ» (Ա.Յհ 4.18)։
Ուստի պահն է, որ բանա՛նք մեր հոգեւոր ականջները եւ լսենք Քրիստոսի քաջալերական ու գօտեպնդող յորդորը, որ կ’ըսէ՝ «Մի՛ վախնաք, Ե՛ս եմ… Մի՛ վախնար, միայն հաւատա՛…» եւ առաքեալին քաջալերականը, ուր կը յիշեցնէ մեզի. «Դուք Հոգին ստացաք ո՛չ թէ ծառայ դառնալու եւ դարձեալ վախով ապրելու համար, այլ Հոգին ստացաք՝ Աստուծոյ որդիներ ըլլալու համար… Աստուած իր Հոգին մեզի տուաւ որպէսզի մեր վախկոտութիւնը յաղթահարենք եւ զօրանանք, սիրով լեցուինք եւ զգաստ կեանք մը վարենք» (Հռ 8.15, Բ.Տմ 1.7)։
Նոր տարին նոր տարի չ’ըլլար պարզապէս խրախճանքներ կազմակերպելով, համադամ ճաշասեղաններու շուրջ հաւաքուելով՝ ուտելով, խմելով, նուէրներ ու բարեմաղթանքներ փոխանակելով, այլ ատոնցմէ վեր եւ անդին մենք Նորոգողին կենսական ներկայութեան եւ առաջնորդութեան կարիքը ունինք եւ միայն իրմով կրնանք նորոգուիլ։ Որուն համար ալ մեր աղօթասաց Հայրապետներէն՝ Ս. Ներսէս Շնորհալին բոլորիս սրտին թարգմանը հանդիսանալով, դարեր շարունակ իր սիրելի զաւակներուն համար շարունակ կ’աղաղակէ՝ աղաչելով ու աղերսելով. «Նորոգող հնութեանց, նորոգեա՛ եւ զիս, նորոգ զարդարեա», այսինքն՝ Հին բաները Նորոգող (Տէր), զիս ալ նորոգէ՝ նորովին զարդարէ։
Ճիշդ ասոր համար Քրիստոս՝ Աստուծոյ Որդին, խոնարհեցաւ երկիր, մարմնացաւ, մարդացաւ եւ ծնաւ ու մեր միջեւ բնակեցաւ, որպէսզի նորոգէ մեզ, որպէսզի վերականգնէ մեզ, բժշկէ, գօտեպնդէ եւ ազատագրէ ամէն տեսակ մեղքի ու անօրէնութեան գերութենէն ու ստրկութենէն, փրկէ, մաքրէ, սրբէ եւ արդարացնէ մեզ, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ հետ հաշտեցնելով կեանք տայ մեզի, ինչպէս ինք ըսաւ. «Ես եկայ՝ որպէսզի կեանք ունենաք եւ լեցուն կեանք ունենաք» (Յհ 10.10)։ Այդ կեանքը մեզի տրուեցաւ Բեթլեհէմի մսուրէն ճառագայթելով, որպէս լոյս ու յոյս, կեանք եւ խաղաղութիւն, սէր ու ճշմարտութիւն, ճանապարհ ու յաւիտենականութիւն։
Ճիշդ է որ մենք կ’անցնինք «մահաստուեր ձորերէ» (Սղ 23.4), բայց բանէ մը չենք վախնար, որովհետեւ Էմմանուէլը՝ մարդացեալ Աստուածը մեր հետն է. անոր ցուպն ու գաւազանը ներկայ են պաշտպանելու համար մեզ։ Եւ ինչպէս հեղինակ մը կ’ըսէ, ասիկա մեզի համար պարզ մխիթարական զգացում մը պէտք չէ ըլլայ եւ չէ, այլ սրտով ապրուած փորձառութիւնն է, որուն կրնանք վստահիլ։ Այո՛, պատմութիւնը վկայ, դարեր շարունակ բոլոր անոնք որոնք վստահեցան Աստուծոյ եւ զայն իբրեւ ապաստան ու ապաւէն ընտրեցին՝ վայելեցին անոր ներկայութիւնն ու առաջնորդութիւնը։ Բոլոր անոնք որոնք Բարձրեալին, Ամենակարողին պաշտպանութեան տակ մտան, անոր հովանիին տակ հանգիստ գտան (Սղ 91.1)։ Եւ բոլոր անոնք, որոնք զՔրիստոս իբրեւ իրենց կեանքի Տէրը, Աստուածը, Թագաւորը, Փրկիչն ու Առաջնորդը յայտարարեցին, լսեցին անոր մխիթարող ձայնը, որ կ’ըսէ. «Ես քու Տէր Աստուածդ եմ, որ քու աջ ձեռքդ կը բռնեմ ու քեզի կ’ըսեմ. «Մի՛ վախնար, ես քեզի պիտի օգնեմ»» (Ես 41.13)։
Սիրելիներ, եկէք բոլորս միասին ներքին խաղաղութեամբ, յոյսով, սիրով ու հաւատքով առլցուն դիմաւորենք 2025 նոր տարին եւ աղօթենք, որ Աստուած իր բարի կամքին համաձայն ամենաբարին կարգաւորէ ու տնօրինէ։ Թող ամէնուրեք խաղաղութիւնը, արդարութիւնն ու իրաւունքը հաստատուի, պատերազմները դադրին, աստուածպաշտութիւնը տարածուի, սէրը իշխէ, եղբայրսիրութիւնը յաղթանակէ, ապահովութիւնը վերահաստատուի եւ իրաւունքի ու պարտաւորութեանց փոխադարձ հասկացողութիւնը կիրառուի։
Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան զոյգ տօներու ուրախ առիթով մեր շարականագրի բառերը փոխ առնելով կը շնորհաւորեմ ձեր բոլորի նոր տարին եւ մեր Տիրոջ Յիսուսի աստուածափառ ծննդեան սուրբ տօնը եւ կ’ըսեմ. «Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի որ յայսմ աւուր յայտնեցաւ. հովիւք երգեն ընդ հրեշտակս, տան աւետիս աշխարհի»։ Այո՛, Մեծ եւ Սքանչելի խորհուրդն է որ այսօր յայտնուեցաւ. հովիւներ հրեշտակներուն հետ կ’երգեն, աշխարհին աւետիս կու տան՝ «Փառք ի բարձունս Աստուծոյ եւ յերկիր խաղաղութիւն, ի մարդիկ հաճութիւն», մի՛ վախնաք, այսօր ձեր Փրկիչը ծնաւ, որ Օծեալ Տէրն է։
Թող խաղաղութեան Իշխանին՝ Յիսուսի ծնունդով ու աստուածայայտնութեամբ, 2025 տարին ըլլայ ուրոյն եւ եզակի աստուածադրոշմ տարի մը ամբողջ աշխարհին եւ մեզի՝ բոլորիս համար։
«Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ, ձեզի եւ մեզի մե՜ծ Աւետիս»։
Ամէն։