ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Ուրբաթ, 3 Յունուարին, Սուրիոյ նոր վարչակազմի ղեկավար Ահմետ Շարհ եւ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Շայպանի մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ ընդունեցին Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարները, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատարը: