Օրերս Սուրիոյ անցումային կառավարութեան արտաքին գործոց նախարար Ասաատ աշ-Շէյպանի, պաշտպանութեան նախարար Մուրհաֆ ապու Քասրա եւ գաղտնի սպասարկութեան մարմինի նախագահ Անաս Խաթթապ ժամանեցին Սէուտական Արապիոյ մայրաքաղաք Ռիատ։

Սուրիական պատուիրակութիւնը ընդունեց Սէուտական Արապիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ուալիտ պըն Ապտուլ Քարիմ ալ-Խրէճի։

Շիպանի 30 Դեկտեմբերին յայտնած էր, որ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Պըն Ֆարհան իշխանը զինք հրաւիրած է թագաւորութիւն այցելելու, եւ ինք ընդունած է հրաւէրը:

Այցելութիւնը Սուրիոյ նոր իշխանութիւններուն կողմէ արտասահման առաջին պաշտօնական այցելութիւնն է:

Ռիատ այցելութեան շրջագիծէն ներս նախարար Շէյպանի հանդիպում ունեցաւ Սէուտական Արապիոյ արտաքին գործոց նախարար իշխան Ֆայսալ պըն Ֆարհանի հետ։
Նախարար Շէյպանի այցելեց նաեւ Ռիատի մէջ Սուրիոյ Հանրապետութեան դեսպանատուն։

Իր կարգին Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարար գնդապետ Մուրհաֆ ապու Քասրա հանդիպում ունեցաւ Սէուտական Արապիոյ բանակի ընդհանուր հրամանատար Ֆայյատ ալ-Ռուէյլիի հետ։