Չորեքշաբթի, 1 Յունուար 2025-ի միջօրէին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ամանորի առիթով այցելեց Հայ Ծերանոց: Սրբազան հօր կ՚ընկերակցէին Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան, Արժ. Տ. Արշակ Ա. Քհնյ. Ալաճաճեան, Ազգ. Վարչութեան անդամ Ժագ Գազէզեան եւ Ազգ. Առաջնորդարանի դիւանապետ Միհրան Վարդապետեան։

Սրբազան Հայրը ջերմապէս դիմաւորուեցաւ Հայ Ծերանոցի խնամակալութեան ատենապետ Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեանի, խնամակալութեան անդամներու եւ տնօրէնուհի բժշկհ. Թամար Բարսեղեան-Սարգիսի կողմէ, եւ մտերմիկ հանդիպում ունեցաւ անոնց հետ։ Ան մեծապէս գնահատեց Հայ Ծերանոցի անձնակազմը, որ Մեծն Ներսէս հայրապետի օրինակին հետեւելով, հոգատարութիւն կը ցուցաբերէ մեր տարեցներուն։

Այնուհետեւ, Սրբազան Հայրը տարեցներուն հետ տեսակցելով՝ աղօթեց, քաջառողջութիւն մաղթեց եւ նուէրներ յանձնեց անոնց։
Հայ Ծերանոցի խնամակալութիւնն ու տնօրէնութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեցին Սրբազան Հօր՝ այս օրհնաբաշխ այցելութեան համար։