Հրամանաւ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Ամենայն Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյլ Կաթողիկոսի Տնօրինութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Նախագահութեամբ՝ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ եւ Արցախի Հարցի Բարւօք Լուծման եւ Գերիներու ազատագրման Համար աղօթք կատարուեցաւ, Ինչպէս նաեւ Հոգեհանգստեան Պաշտօն կատարուեցաւ, Կիրակի, 10 Նոյեմբեր 2024-ի առաւօտուն, Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ։

Արարողութեան ներկայ գտնուեցան, Յարաբերական Մարմինի անդամը, Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի անդամները, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Թաղականութիւնը, ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան անդամը, Գամիշլիի ՀՄԸՄ-ի Վարչութիւնը, Սկաուտ-Խորհուրդի անդամները, տարազաւոր Խմբապետական եւ աստիճանաւորական կազմերը, նահատակ Մօսիկ Սեքելմեանի ընտանեկան պարագաներ, յարակից Մարմիներու ներկայացուցիչները, Ազգային վարժարաններու հոգաբարձութիւնն ու տնօրէնները եւ հաւատացեալ ժողովուրդը։

Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Արժն. Տ. Պսակ Քհյն. Պէրպէրեան։ Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ հայրը սուրբը օրուան պատգամը ուղղեց ժողովուրդին, բնաբան ունենալով օրուան աւետարանական հատուածի հետեւեալ նախադասութիւնը «Մի՛ լաք, աղջիկը մեռած չէ, այլ կը քնանայ» Ղկ 8։52։

Հայր սուրբը ըսաւ.- «Այլեւս մահը՝ կեանքն է, կեանքը՝ Քրիստոսն է, իսկ Քրիստոս՝ Յաւիտենականութիւնն է որուն մենք միացած ենք»։

Հայր սուրբը Արցախի հարցի բարւօք լուծման եւ գերիներու ազատ արձակման համար Ժողովուրդին կոչ ուղղեց միասնական աղօթքի, Արցախ հայրենիքն ու գերի պահուող զինուորներուն համար, որոնք մեր եղբայրներն են, որոնց համար պարտաւոր ենք աղօթել, մտածել, եւ օգնել նուազագոյն մեր ունեցած կարողութեամբ։

Ան յիշեց ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը եւ անոնց ծառայող բոլոր ննջեցեալները, որոնք իրենց կեանքը զոհեցին ծառայութեան Սուրբ սեղանին վրայ, որոնց մեռնելով անոնց հետեւորդները վառ պահեցին ՀՄԸՄ-ի ընթացքը։

Հայր սուրբը նահատակներուն մասին խօսելով ըսաւ. «Մեռան նպատակի մը համար, գաղափառի մը համար, սակայն ապրեցան ու ապրեցուցին այդ հաւատքը, կրօնքը եւ գաղափարը։ Քիրստոսի եւ հայրենիքի սիրոյն մեռան։ Քրիստոսի տուած հաւատքը ուզեցին պահել, թալանուած արդարութեան հողին վրայ։ Նկատի ունենալով որ անոնք եւս Քրիստոսի մարմնի ադամներէն մին են, կը նշանակէ Քրիստոսի հետ միացած են եւ Քրիստոսն ալ անոնց հետ, այլ խօսքով յաւիտեան կ՚ապրին»։

Հոգեհանգստեան Պաշտօնէն ետք, ներկաները փոխանորդարանի դահլիճէն ներս հաւաքուեցան, ուր հերթական կերպով խօսք առին ՀՄԸՄ-ի Շրջանային Վարչութեան անդամ Անհահիտ Սարգիսեան, ՀՄԸՍ-ի Վարչութեան ատենապետ բժիշկ Անդրանիկ Սարգիսեան եւ ապա Ազգ. Երեսփոխան Աբիկ Քէհեաեան։ Աւարտին հայր սուրբը խօսք առնելով վեր առաւ ՀՄԸՄ-ի վսեմ աշխատանքը եւ գնահատեց Գամիշլի Մասնաճիւղի ՀՍԸՍ-ականները, անոնց մաղթելով յարատեւ վերելք։

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։