Այսօր կէս գիշերին, թշնամիի օդային յարձակումին հետեւանքով Սուրիա-Լիբանան սահմանին 5 զինուոր նահատակուեցաւ, ուրիշ մը վիրաւորուեցաւ։

Սուրիական զինուորական աղբիւր մը ՍԱՆԱ-ին յայտնեց. «Այսօր կէս գիշերին, ժամը 1։35-ին, Իսրայէլ սուրիական բռնագրաւուած Կոլանի կողմէն օդային յարձակում մը գործեց՝ թիրախ դարձնելով Դամասկոսի արուարձաններէն մէկուն մէջ, Քէֆիր Եապուսի մօտ, Սուրիա-Լիբանան սահմանի զինուորական մեր կեդրոններէն մէկը»։
Աղբիւրը աւելցնելով ըսաւ. «Յարձակումին հետեւանքով 5 զինուոր նահատակուեցաւ, ուրիշ մըն ալ վիրաւորուեցաւ»: