14 Սեպտեմբերին, ՀՅԴ «Քրիստափոր Միքայէլեան» կեդրոնէն ներս տեղի ունեցած է հանդիպում Միջազգային Քրէական Դատարանի (ՄՔԴ) նախկին գլխաւոր դատախազ Լուիս Մորենո Օքամփոյի հետ, որուն մասնակցած են ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան, Հայաստանի եւ Արցախի Ազգային Ժողովներու ՀՅԴ պատգամաւորներ եւ կուսակցական ընկերներ:
Քննարկուած են արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքի իւրացման, ղարաբաղեան հիմնահարցի ներկայ փուլի շարունակական միջազգայնացման, ինչպէս նաեւ Cop 29-ին ընդառաջ իրականացուող տարաբնոյթ աշխատանքներու համադրման վերաբերող հարցեր։