Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» Մասնաճիւղը շարունակելով հայ մշակոյթի պահպանման ու տարածման, յատկապէս երիտասարդ տարրը անոր շուրջ համախմբելու իր առաքելութիւնը, այս տարի եւս կազմակերպեց Աշուղական զոյգ համերգներ։

Բենահարթակ ներկայացած մեճլիսին մաս կը կազմէին տասը երգիչ-երգչուհիներ, փողային, հարուածային ու լարային քսան նուագողներ, երաժշտական դասական գործիքներուն կողքին աշուղական նուագախումբը հարստացուցած էին քամանչան, սազը, քանոնը եւ ուտը։ Համերգները տեղի ունեցան Շաբաթ 18 եւ Կիրակի 19 Մայիս 2024-ին, «Գ. Եսայեան» սրահէն ներս, բժշկ. Ռաֆֆի Ապէճեանի գեղարուեստական ղեկավարութեամբ:

Զոյգ համերգներուն ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդի ներկայացուցիչ Հոգշ․ Տ․ Արմէն Աբեղայ Գալաճեան, Հայ Աւետարանական Համայնքապետ Վեր․ դոկտ․ Յարութիւն Սելիմեան, ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան խորհրդական Դաւիթ Թադեւոսեան, ՀՀ Մարդասիրական առաքելութեան խումբի փոխգնդապետ Յովհաննէս Խանուէլեան, 14 խումբի հրամանատարն ու անդամները, Պատկան Մարմինի, Ազգ․ Իշխանութեան, Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան, հալէպահայ բարեսիրական, մարզական եւ մշակութային միութիւններու ներկայացուցիչներ, վարժարաններու տնօրէններ, հայ եւ արաբ հիւրեր ու մեծաթիւ երաժշտասէրներ։

Համերգը առցանց դրութեամբ կը սփռուէր «Ռատիօ Երազ»-էն:

Հայերէն բացման խօսքով Պէթի Կարապետեան յայտնեց, որ աշուղական բարձր մշակոյթի երկիր է Հայաստանը, որուն արմատները կ’երկարին հազարամեակներու խորքերը, իսկ երգերը սերունդէ սերունդ փոխանցուած են շնորհիւ վարպետ աշուղներու. անոնցմէ են Շահէնն ու Բագրատը, որոնց ստեղծագործութիւններուն նուիրուած են այս տարուան համերգները: Ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց թեմիս բարեջան առաջնորդ Գերշ․ Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանին իր բարձր հովանաւորութեան ու հայրական հոգատարութեան համար:

Արաբերէն բացման խօսքով Սարօ Ղազարեան ներկաները հրաւիրեց վայելելու աշուղական արուեստը եւ ըմբոշխնելու անոր մեղեդիները։ Ան դիտել տուաւ, որ գուսանական արուեստը մեր ժողովուրդին ապրումները, ցասումն ու յաղթանակները արտայայտելու ժողովրդային մեծ ընդունելութիւն գտած միջոց է։ Վերջապէս ան շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրիոյ վսեմաշուք նախագահին, որ երկրէն ներս կը քաջալերէ մշակութային ձեռնարկներու կազմակերպումը:

Ելոյթը ընթացք առաւ «Տալ-Տալա» նուագով ու «Ալմաստը Շողում Է» խմբային երգով, ապա օրուան հանդիսավարները՝ Վանա Պարմաքսզեան եւ Յակոբ Գասապեան ներկայացնելով գուսան Շահէնի եւ աշուղ Բագրատի ստեղծագործական վաստակը, յաջորդաբար հրաւիրեցին մեներգողները, որոնց մերթ ընդ մերթ ընկերակցեցան «Սարդարապատ» պարախումբէն երկու երիտասարդուհիներ իրենց հեզաճկուն պարերով: Երգացանկը ճոխ էր, իսկ երգերու գործիքաւորումը, զոր կատարած էր խումբի գեղարուեստական ղեկավարը, հարուստ հնչերանգ հաղորդած էր երգերուն:

Յայտագիրի առաջին բաժինով հնչեցին նաեւ հետեւեալ երգերը՝ «Ո՜վ Կին Արարած», «Անծանօթ Սէր», «Յիշի՛ր Սիրելիս» եւ «Լուսին Ես Ամպի Տակին»։ Երկրորդ բաժինով խումբը ներկայացուց՝ «Զեփիւռ Կը Դառնամ», «Պալլատ Արաղի Մասին» (զուգերգ), «Սասնայ Ծուռ», «Խռոված Էր», «Նայիրեան Դալար Պարտի» եւ «Ուստա՛, Չալէ՛» երգերը։ Վերջինը կատակերգ մըն էր։

Հանդիսատեսները խանդավառութեամբ ու ծափողջոյններով հետեւեցան համերգներուն ու գնահատեցին մենակատարները, նուագախումբի անդամներն ու գեղարուեստական ղեկավարը:

Առաջին օրուան ելոյթի աւարտին Բերիոյ Թեմի առաջնորդին կողմէ սրտի խօսք արտասանեց Հոգշ․ Տ․ Արմէն Աբղ․ Գալաճեան, որ լուսարձակի տակ առնելով գուսանական արուեստի հարուստ բովանդակութիւնը եւ աշուղներու, գուսաններու մեզի փոխանցած մշակութային իւրայատուկ ժառանգութիւնը, գնահատեց խումբն ու մենակատարները, յատկապէս գեղ․ ղեկավարը, որ միայն մէկ ամսուան աշխատանքով յաջողած էր բեմ բարձրացնել խումբը։ Ան գնահատեց նաեւ «Ն․ Աղբալեան» Մասնաճիւղի Վարչութիւնն ու երժշտ․ յանձնախումբը՝ յուսալով որ նման ելոյթներ շարունակեն ծաղկեցնել մեր բեմերը ու ապրեցնել հայ երգարուեստը։

Աւարտին հանդիսավարները բեմ հրաւիրեցին Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը, կազմակերպչական աշխատանքները ստանձնած երաժշտական յանձնախումբը եւ գեղարուեստական ղեկավար բժշկ. Ռաֆֆի Ապէճեանը ու շնորհակալութիւն յայտնեցին անոնց։

Անի Մինասեան