Այսօր Հայաստանի 10 վայրերուն մէջ՝ Երեւանի եւ մարզերու մէջ խաղաղ ցոյցեր պիտի իրականացուին։ Այս մասին 10 Մայիսին, Հանրապետութեան հրապարակին մէջ մեկնարկած ժողովրդային հաւաքին յայտարարեց «Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» շարժումի առաջնորդ Բագրատ Սրբազան։
Ան նշեց, որ վաղը ժողովրդային հաւաք չի նախատեսուիր։
Սրբազանը ըսաւ, որ հաւաքը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի՝ 18։30-ին։
«Կիրակի երեկոյեան կը հաւաքուինք, ճշգրիտ կը պայմանաւորուինք, թէ ինչ պիտի իրականացնենք, ո՛ւր, ի՛նչ ձեւով», նշեց Բագրատ Սրբազան։
Բագրատ Սրբազան ժողովրդային հաւաքին ընթացքին յանձնարարեց նաեւ մինչեւ Կիրակի երեկոյեան մշակել եւ կազմել խաղաղ բանակցութիւններու սահմանազատման եւ գծման յստակ հայեցակարգ եւ այդ բանակցութիւններուն անընդհատականութիւնը։
«Նոր ստեղծուած դիւանագիտական խորհուրդին կ’ուզեմ յանձնարարել մշակել եւ կազմել խաղաղ բանակցութիւններու սահմանազատման եւ սահմանագծման անընդհատականութիւնը», նշեց ան։
Սրբազանը սպայական կազմը յորդորեց պետական անվտանգութեան հայեցակարգ ներկայացնել, խնդրեց մինչեւ Կիրակի երեկոյ պատրաստել զայն։
«Մեր փափաքն է, որ դուք կարենաք համեմատութիւն ընել, որ դուք հասկնաք, թէ ինչ վիճակի մէջ էք հիմա ու ինչ կ’առաջարկենք մենք հիմա ձեզի», յայտնեց ան։
Ապա խնդրեց հաւաքուածներէն, որ ձեռքերը ծալած չնստին եւ նոյնպէս ներկայացնեն, թէ ի՛նչ գործողութիւններ կ’ուզեն իրականացնել։
Այնուհետեւ Բագրատ Սրբազանը ներկայացուց յառաջիկայ քայլերը․
– 11 Մայիսին 10 կէտերու մէջ տեղի կ’ունենան անհնազանդութեան խաղաղ ցոյցեր,
– Նիկոլ Փաշինեանին անվստահութիւն յայտնելու գործընթացը պատրաստ են սկսիլ ՀՀ Ազգային Ժողովի երկու՝ «Հայաստան» եւ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութիւնները,
– Յաջորդ հաւաքը տեղի կ’ունենայ 12 Մայիսին, ժամը՝ 18։30-ին, իսկ մինչ այդ, սրբազանը յորդորեց շարժումին հետեւորդները լեցուիլ համբերութեամբ եւ դառնալ զինուոր ու իրենց կարելին ընել՝ օր առաջ ներկայացուած պահանջները կեանքի կոչելու համար,
Սրբազանը կոչ ուղղեց ուսանողներուն լարելու մկանները՝ շուտով գործողութիւններու ձեռնարկելու։