Մոսկուան կ՛ողջունէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը, որ նախատեսուած է 10 Մայիսին Ալմաթիի մէջ: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:

«Մենք կ՛ողջունենք այս հանդիպումը, որ նախատեսուած է 10 Մայիսին», ըսած է ան` պատասխանելով Ռուսիոյ ակնկալիքներուն մասին հարցումին:

Զախարովա ընդգծած է, որ Մոսկուան «պատրաստ է շարունակելու աջակցիլ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթի խթանման»: