10-11 Նոյեմբերին, Սպանիոյ ընկերվարական աշխատաւորներու կուսակցութեան հիւրընկալումով, Մալագայի մէջ գումարուած է Եւրոպայի ընկերվարականներու կուսակցութեան (Party of European Socialists-PES) քոնկրէսը։ Քոնկրէսը այդ խոշոր միջկուսակցական կազմակերպութեան գլխաւոր ժողովն է, որ կը ճշդէ կազմակերպութեան քաղաքական առաջնահերթութիւնները, գործունէութեան ուղենիշները, կ՛ընտրէ նոր ղեկավարութիւն։ ՀՅ Դաշնակցութիւնը, իբրեւ դիտորդ անդամ, PES-ին կ՛անդամակցի 2015 թուականէն։ ՀՅԴ պատուիրակութիւնը կը ներկայացնէին Ընկերվար Միջազգայնականի փոխնախագահ Մարիօ Նալպանտեան, ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան եւ ՀՅԴ Հայ Դատի Կիպրոսի Յանձնախումբի նախագահ Յակոբ Գազանճեան։
ՀՅ Դաշնակցութեան պատուիրակութիւնը աշխուժօրէն մասնակցած է քոնկրէսի աշխատանքներուն, որուն շրջագիծին մէջ շուրջ երկու տասնեակի հասնող հանդիպում-քննարկումներ ունեցած՝ այդ կարգին եւրոպական շարք մը պետութիւններու ղեկավարներու, արտաքին գործերու նախարարներու եւ Եւրոպական խորհրդարանի ընկերվար պատգամաւորներու հետ։
Հանդիպումներուն ընթացքին ՀՅ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչները, նկատի առնելով Արցախեան հիմնահարցի ներկայ փուլին ստեղծուած իրավիճակը, կարեւոր համարած են արցախահայութեան իրաւունքներու լիակատար պաշտպանութեան, միջազգային գործուն մեքանիզմներու կիրառմամբ անոնց վերադարձի իրաւունքի ապահովման, Արցախի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան, հակամարտութեան համապարփակ եւ արդար կարգաւորման անհրաժեշտութեան, Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն ատրպէյճանական ուժերու դուրսբերման ու ատրպէյճանական հետագայ ռազմական սադրանքներու կանխումին, ինչպէս նաեւ իրագործուած ցեղասպան գործողութիւններու, մարդկութեան հանդէպ յանցագործութիւններու եւ ցեղային զտման համար Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան նկատմամբ թիրախային պատժամիջոցներու կիրառման ու անոնց միջազգային քրէական պատասխանատուութեան ենթարկելու քաղաքական առաջնահերթութիւնները։
ՀՅ Դաշնակցութիւնը, ինչպէս Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու համաշխարհային ցանցի միջոցով, այնպէս ալ կուսակցութեան միջազգային յարաբերութիւններու ողջ կարողականութեամբ պիտի շարունակէ Հայաստանի ու Արցախի հանրապետութիւններու շահերու պաշտպանութեան աշխատանքները։
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ
13 Նոյեմբեր 2023