Լաթաքիոյ գիւղատնտեսութեան գրասենեակի տնօրէն երկրչփ. Պասեմ Տուպա յայտնեց, որ հրշէջներու խումբերը կը շարունակեն Լաթաքիոյ հիւսիսային արուարձանին մէջ 25 Յուլիսին բռնկած հրդեհներու շիջանման աշխատանքը: Անոր համաձայն, խումբերը յաջողած են շիջանել արեւմտեան եւ հարաւային հատուածներու հրդեհները, մինչդեռ արեւելեան եւ հիւսիսային հատուածներուն մէջ աշխատանքը կը շարունակուի:
Յիշեցնենք, որ 25 Յուլիսի երեկոյեան Լաթաքիոյ հիւսիսային արուարձանին մէջ հրդեհ մը բռնկեցաւ: Հրշէջները անմիջապէս փութացին հրդեհի վայր ու սուրիական բանակի միաւորներուն եւ տեղւոյն բնակիչներու օժանդակութեամբ շրջապատեցին կրակն ու շիջանեցին հրդեհը: