Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ Ռուսիոյ նախագահի անձնական բանագնաց Ալեքսանտր Լաւրենթեւին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան հետ խորհրդակցեցաւ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի գործնական քայլերուն եւ արաբական ու միջազգային լուծման առաջարկներուն շուրջ։
Կողմերը խորհրդակցեցան նաեւ թրքական ուժերը սուրիական հողերէն դուրս բերելու Թուրքիոյ մերժումին եւ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն հսկողութեան տակ գտնուող շրջաններուն մէջ սուրիացիներու մարդասիրական օգնութիւններու հասանելիութեան շուրջ։
Նախագահ Ասատ շեշտեց, որ ԱՄՆ-ն եւ արեւմուտքը քաղաքական ու տնտեսական համաշխարհային տագնապ եւ անկայուն իրավիճակ ստեղծեցին, որպէսզի Ռուսիոյ դիրքն ու միջազգային ներկայութիւնը նսեմացնեն։ Անոնք Ուքրանիան որպէս զէնք օգտագործեցին ու այս տագնապին բացասական հետեւանքները սկսան ազդել մեր երկիրներուն վրայ եւս՝ ընկերային եւ տնտեսական մակարդակներով։
Իր կարգին Լաւրենթեւ նախագահ Ասատին փոխանցեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի ողջոյնները, շեշտելով, որ Ռուսիա պիտի շարունակէ զօրակցիլ Սուրիոյ, որպէսզի Սուրիոյ ժողովուրդին ապահովութիւնը ամրապնդէ։ Ան յայտնեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին գծով երկու երկիրներու գործակցութիւնը կը շարունակուի, շեշտելով, որ Սուրիա եւ Ռուսիա կառչած կը մնան այս հարցի մարդկային կողմին եւ կը մերժեն անոր քաղաքականացումը։