Սուրիոյ Խորհրդարանի նախագահ Համմուտա Սապպաղի նախագահութեամբ եւ Սուրիոյ վարչապետ Հուսէյն Արնուսի եւ նախարարներու ներկայութեամբ, Սուրիոյ Խորհրդարանը արտակարգ նիստ մը գումարեց, քննարկելու ԱՄՆ տոլարին դիմաց սուրիական լիրայի փոխարժէքին անկայունութեան ու Սուրիոյ տնտեսական եւ բնակչութեան կենցաղային հարցերը։
Նիստին ընթացքին որոշուեցաւ խորհրդարանի անդամներէն եւ Սուրիոյ կառավարութեան Տնտեսական Յանձնախումբի անդամներէն բաղկացած միացեալ յանձնախումբ մը յառաջացնել։ Անոր պարտականութիւնը պիտի ըլլայ գործնական եւ կառուցողական առաջարկներու շարք մը պատրաստել՝ Սուրիոյ տնտեսական, կենցաղային եւ ֆինանսական իրավիճակը բարելաւելու, սուրիական լիրային փոխարժէքը կայուն պահելու եւ կառավարական պաշտօնեաներուն ամսականները բարելաւելու համար։