20 Յուլիսին Վիեննայի մէջ Հայաստանի պահանջով հրաւիրուած ԵԱՀԿ յատուկ մշտական խորհուրդի նիստին ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարած է, որ մենք պատրաստ ենք ճանչնալու Ատրպէյճանի 86.600 քքմ տարածքը, որ կը ներառէ Լեռնային Ղարաբաղը։ Ապա աւելցուցած է, որ Հայաստանի իշխանութիւնը պատրաստ է այդ քայլին, եթէ Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հարցը քննարկուի միջազգային ձեւաչափով՝ Ստեփանակերտ-Պաքու երկխօսութեան միջոցով։

168 TV-ի «Ռեվիու» հաղորդաշարի եթերին, խօսելով Արցախը Ատրպէյճանի մաս հռչակող հերթական յայտարարութեան մասին, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ, Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան շեշտեց՝ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքէն հրաժարելէն վերջ 120 հազար հայու որեւէ իրաւունք չէ գործած։

«Պիտի չգործէ, որովհետեւ, երբ դուն բանակցութիւններու սեղանին կը յայտարարես, որ պատրաստ ես ճանչնալու Արցախը Ատրպէյճանի կազմին մէջ, անկէ վերջ ամէն բան կ’ավարտի. բանակցութիւնները կ’աւարտի», ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան՝ ընդգծելով՝ Հայաստանը պէտք է ամբողջութեամբ փոխէ բանակցային տրամաբանութիւնը եւ երթայ այլ ճանապարհով։

«Պէտք է երթալ՝ ճանչնանք՝ յանուն փրկութեան ճանապարհով», ըսաւ ՀՅԴ Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչը։

Սաղաթէլեանին համաձայն, քանի տակաւին Հայաստանի իշխանութեան ղեկին Նիկոլ Փաշինեանն է, ան իր խումբով պիտի բերէ եւ՛ պատերազմ, եւ՛ յանձնողականութիւն, ուստի ստեղծուած վիճակին մէջ անհրաժեշտ է ընդդիմութեան լայն դաշտ՝ իշխանութիւնը հեռացնելու յստակ օրակարգով։

«Մշտապէս այն կարծիքին եմ, որ Նիկոլն ու Ալիեւը հայ ժողովուրդին պիտի յաղթեն միայն այն պարագային, երբ անոր դէմ պայքար չըլլայ», ըսաւ Սաղաթէլեան՝ ընդգծելով՝ իրենք պիտի շարունակեն պայքարը, եւ յառաջիկային նախատեսուած են ցոյցեր եւ փողոցային պայքար, որ չկար մոտ 6 ամիս։

«Այս ամիսներու ընթացքին դատարկ մնացած փողոցները այդպէս դատարկ երկար ժամանակ չեն մնար,- ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան՝ շարունակելով,- Ժողովուրդին ապստամբութեան պատրաստելը մեր օրակարգին վրայ է. պէտք է պատրաստուիլ, որովհետեւ կայ ընդամէնը մէկ ճանապարհ՝ ատիկա համաժողովրդական ընդվզումն է՝ ամենակոշտ ձեւերով եւ միջոցներով։ Պէտք է գիտակցիլ, որ մենք գերութեան մէջ ենք։ Հայաստանի այս իշխանութիւնը գերեվարած է մեր ժողովուրդը, Արցախի 120 հազար հայը սովի եզրին է անձամբ Նիկոլ Փաշինեանի եւ ՔՊ-ական այս վարչախումբի գործունէութեան հետեւանքով»: