Եւրոպական տասներկու երկիրներու մէջ գործող հայ համայնքներու ղեկավար-ներկայացուցիչները 24 Յուլիսին առցանց հանդիպում ունեցած են եւ քննարկած են Արցախի շահերու պաշտպանութեան շուրջ ձեռնարկուած եւ ձեռնարկուելիք նախաձեռնութիւնները։ Միտքեր փոխանակուած են 6 Յուլիսին Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումի ընթացքին ձեռք բերուած որոշումներու գործարկումի ընթացքի մասին ու նախանշած է յառաջիկայ գործողութիւնները։ Այս առումով վերարժեւորուած է Արցախի շարունակական անօրինական շրջափակումը վերացնելու համար «Եւրոպացիները Յանուն Արցախի» շարժումի Եւրոպական խորհուրդի, Եւրոպական հանձնաժողովի և Եվրոպական Խորհրդարանի նախագահներուն, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի խորհուրդի անդամ պետութիւններու ղեկավարներուն հասցէագրուած գրութիւնը եւրոպական աւելի քան 470 կազմակերպութիւններու միացման փաստը։

Հանդիպումին մասնակից Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութեան ներկայացուցիչները հանգամանօրէն ներկայացուցած են Արցախի մէջ ստեղծուած մարդկային եւ անվտանգային իրավիճակը՝ իր բնոյթով օրհասական։ Ընդգծուած է՝ վերահաս աղէտի կանխումին համար անհրաժեշտ միջազգային անյապաղ եւ գործուն քայլեր։

Յատուկ անդրադարձ կատարուած է ղարաբաղեան հակամարտութեան եւ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու բանակցային գործընթացին Եւրոպական Միութեան ներկայ դատապարտելի քաղաքական վարքին, մասնաւորապէս՝ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի խնդրայարոյց յայտարարութիւններուն։
Անընդունելի համարուած է Եւրոպական Միութեան կողմէն իր իսկ դաւանած արժէքներուն հակառակ՝ Ատրպէյճանի որդեգրած ցեղային զտման քաղաքականութեան եւ շարունակուող վայրագութիւններու, ըստ էութեան, արդարացումը։ Եւրոպական Միութիւնը, ի դէմս Եւրոպական Խորհուրդի, պէտք է քաղաքական կամք դրսեւորէ եւ արժէքներու ու առեւտրային յարաբերութիւններու միջեւ ընտրութեան համար կողմնորոշուի դէպի արժէքները եւ կանխէ մարդկութեան դէմ իրագործուող ատրպէյճանական հերթական յանցագործութիւնները։

Միտքեր փոխանակուած են նաեւ Եւրոպայի մէջ Արցախի շուրջ յաւելեալ զօրակցության ապահովման, Արցախի շրջափակման վերացման, մարդկային օժանդակութեան ապահովման, Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան նկատմամբ պատժամիջոցներու կիրառման անհրաժեշտութեան եւ այլ ուղղութիւններով յառաջիկայ քայլերուն մասին։ Կարեւո համարելով Եւրոպական Միութեան ղեկավարութեան վրայ շարունակական ճնշումի ապահովումը եւ Ատրպէյճանի յանցագործ քայլերու ու Արցախի հիմնահարցի կարգաւորման անհրաժեշտութեան հանրահռչակումը՝ հայ համայնքներու ներկայացուցիչները համաձայնութեան եկած են սոյն հարթակի պահպանման եւ ընդլայնման, ինչպէս նաեւ նմանաբնոյթ հանդիպումներու պարբերաբար կատարելու շուրջ ՝ աշխատանքներու համադրման եւ գործունէութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման համար։

Հանդիպումին մասնակիցները անգամ մը եւս իրենց անվերապահ զօրակցութիւնը յայտնած են Արցախի հերոսական ժողովուրդին՝ գնահատելով անխորտակելի պայքարը յանուն հայրենիքի ու յանուն արժանապատուութեան։