Սուրիոյ երկրաշարժներու ազգային կեդրոնը հաղորդեց, որ այսօր՝ 25 Յուլիսի առաւօտեան ժամը 8։44-ին, Ատանայի հիւսիսը՝ 70 քմ. հեռաւորութեան վրայ, 5,2 ռիխթըր ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը գրանցուեցաւ ։

Երկրաշարժը զգալի դարձաւ նաեւ Սուրիոյ հիւսիսային նահանգներուն մէջ։

Կեդրոնին համաձայն, առաւօտեան վաղ ժամերուն 3 ռիխթըր ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը գրանցուած է նաեւ Աղեքսանտրէթի ծովափին, իսկ 3,2 ռիխթըր՝ Թուրքիոյ հարաւային շրջանը։

Կեդրոնը նախապէս զգուշացուցած էր, որ Ատանայի հիւսիսային շրջանը, որ կը համարուի երկրաշարժներու ամէնէն վտանգաւոր կէտը, կը նախատեսուի միջին ուժգնութեամբ երկրաշարժի մը գրանցումը։