ԱՄՆ կը շարունակէ աջակցիլ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղ ապագայի հաստատման եւ վստահ է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հարցերը լուծելու համար առանցքային նշանակութիւն ունի երկխօսութիւնը: Այս մասին հաղորդած է ԱՄՆ պետական քարտուղարութեան խօսնակի գլխաւոր տեղակալ Վետանթ Փաթել:
Դիւանագէտը հրաժարած է մանրամասնութիւններ ներկայացնելէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի՝ փակ դռներու ետեւէն կատարուող բանակցութիւններուն մասին: Փաթել միայն յայտնած է, որ ամերիկեան կողմէն գործընթացին ներգրաւուած են շարք մը պաշտօնեաներ՝ Հարաւային Կովկասի բանակցութիւններու հարցերու ԱՄՆ պետական քարտուղարութեան աւագ խորհրդական Լուիս Պօնոն:
Փաթելը յիշեցուցած է, որ նախորդ օրը լիագումար նիստին մասնակցած է նաեյ ԱՄՆ պետական քարտուղար Պլինքըն, իսկ Կիրակի երեկոյեան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հետ հանդիպած է ճաշի սեղանին շուրջ:
ԱՄՆ պետական քարտուղարութեան փոխխօսնակը նաեւ հրաժարած է յայտնելէ, թէ արդեօք Պլինքըն դարձեալ հանդիպում կ’ունենայ իր հայ եւ ատրպէյճանցի գործընկերներուն հետ: