15 Ապրիլ 2022-ին, Հալէպի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսութեան եւ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի վարչութեան գործակցութեամբ, Հայաստանի Հանրապետութեան մարդասիրական առաքելութեան խումբը Հալէպի ՍՕ Խաչ-Ազգային Պատսպարանին տրամադրած է անհրաժեշտ պարագաներ եւ սնունդ:

ՍՕԽ-ի Շրջ. Վարչութիւնը ողջունած եւ շնորհակալութիւն յայտնած է մարդասիրական խումբին՝ երկրի այս դժուար պայմաններուն մէջ օգնութեան ցուցաբերման համար:

Այսպիսով, հակառակ Հալէպի մէջ տիրող տնտեսական եւ այլ դժուարութիւններու, ՀՀ մարդասիրական առաքելութեան խումբը բարձր մակարդակով կը շարունակէ իր աշխատանքը։