Ռուսիոյ նախագահի Միջին Արեւելքի հարցով յատուկ բանագնաց Միխայիլ Պոկտանով «Վալտայ» ակումբին կազմակերպած խորհրդաժողովի ընթացքին յայտարարած է, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Անթալիոյ մէջ հանդիպում պիտի ունենայ իր թուրք պաշտօնակից Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ, ինչպէս նաեւ պիտի մասնակցի սուրիական ճգնաժամին լուծումով զբաղող Ասթանայի ձեւաչափի երաշխաւոր պետութիւններու՝ Իրանի, Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմ հանդիպումին:
Թրքական աղբիւրներու համաձայն, վերը յիշատակուած հանդիպումները տեղի պիտի ունենան 11 Մարտին, Անթալիոյ մէջ սկսող միջազգային դիւանագիտական խորհրդաժողովի շրջագիծին մէջ:
Անդրադառնալով Սուրիոյ մէջ տեղակայուած ռուս եւ թուրք զինուորներու յարաբերութիւններուն՝ Պոկտանով դիտել տուած է. «Հմէյմիմի մէջ տեղակայուած մեր ռազմակայանի հրամանատարութիւնը բաւական արդիւնաւէտ կապեր ունի թուրք զինուորականներու հետ»:
Պոկտանով նաեւ յայտարարած է, որ իր երկիրը պատրաստ է Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ միջնորդութիւն կատարելու: