Հայու կամքին թարգման եղաք
Դուք ախոյեան հանդիսացաք
Յիսուսասէր սուրբ վկաներ
Հայրենասէր անմեռ քաջեր:
Որթատունկին դուք միացաք
Որպէս ճիւղեր դալար դարձաք
Յիսուսասէր ժիր մշակներ
Ազգանուէր նուիրեալներ:
Հաւատարիմ զինուոր եղաք
Դէպի երկինք դուք սլացաք
Կրօնասէր ուխտապահներ
Սրբանուէր նահատակներ:
Ճակատաբաց դուք ընթացաք
Հերոսաբար մարտնչեցաք
Աստուածասէր հայորդիներ
Ոսկեդարի ընտիր հասկեր:
Բիւր օրհնութեան արժանացաք
Շնորհքներով պայծառացաք
Աղօթասէր բարեպաշտներ
Եւ հայասէր կամաւորներ:
Առաքինի դուք կոչուեցաք
Պատմութեան մէջ միշտ յիշուեցաք
Խաղաղութիւն տարածողներ
Անամպ երկինք ցոյց տուողներ:
Քրիստոսի հետեւեցաք
Աստղերու պէս դուք փայլեցաք
Կեղծիքին դէմ պայքարողներ
Բարի վարքի օրինակներ:
Արքայութեան կանչուեցաք
Լոյսի որդի դուք կոչուեցաք
Տօնելի էք անվերջ դարեր
Կը փոխանցէք խօսուն դասեր:
Զոհողութեան յօժարեցաք
Գողգոթայի ճամբէն անցաք
Ով պանծալի առաջնորդներ
Նեղութեան մէջ համբերողներ:
Նոր Յազկերտներ, այսօր եկաք
Սպառնալիք մեզի կու տաք
Որ պաշտենք մենք անթիւ կուռքեր
Եւ ունենանք խաւար միտքեր:
Նոր Վարդաններ, երբ դուք անսաք
Ռազմակոչին, լուռ մի՛ կենաք
Միայն սիրով զինուած հայեր
Կրնան կերտել յաղթանակներ:
Խորէն Քհնյ.Պէրթիզլեան