ՀՅԴ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ
—————————————————–
Ինչպէս մամուլէն կը տեղեկանանք՝ ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը պատրաստուի գումարելու իր 34-րդ Ընդհանուր Ժողովը: Չորս տարին անգամ մը գումարուող կուսակցութեան գերագոյն ժողովը իր օրակարգին վրայ կ’ունենայ եւ կը քննարկէ սփիւռքահայութեան, Հայաստանի ու Արցախի հանրապետութիւններուն, ընդհանրապէս հայութեան վերաբերող հարցեր եւ անոնց մասին կ’առնէ որոշումներ, որոնց գործադրութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն կուսակցութեան բոլոր շրջանները, իւրաքանչիւրը՝ իր կարելիութիւններուն չափով:
Դաշնակցութիւնը թէեւ քաղաքական կուսակցութիւն է, սակայն միեւնոյն ատեն անոր ուշադրութեան կեդրոնինն են մշակոյթը, կրթութիւնը, հասակ առնող երիտասարդութեան գաղափարական եւ քաղաքական դաստիարակութիւնը, որոնք յատուկ տեղ կը գրաւեն Ընդհանուր Ժողովի օրակարգին վրայ:
Կուսակցութեան այս ժողովը կը գումարուի աշխարհաքաղաքական եւ տարածաշրջանային բարդ իրավիճակի մէջ, որուն մէջ յայտնուած են Հայաստանն ու Արցախը՝ Արցախի 44-օրեայ պատերազմին եւ անոր հետեւող իրադարձութիւններուն հետեւանքով:
Հարաւային Կովկասի մէջ մեծապետական եւ տարածաշրջանային բուռն մրցակցութիւններու եւ բարդ խաչաձեւումներու ֆոնին Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ հետզհետէ աւելի կը սեղմուի Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի բիրտ աքցանը: Անկասկած ա՛յս հարցը պիտի ըլլայ Ընդհանուր ժողովը զբաղեցնող գլխաւոր օրակարգը, որովհետեւ ոչ միայն ներկայ իրադրութեամբ ստեղծուած իրավիճակը բնաւ նպաստաւոր չէ Հայաստանի եւ Արցախի համար, այլ նամանաւանդ այն պատճառով որ վտանգուած է հայկական զոյգ հանրապետութիւններուն լինելութիւնն ու զարգացումը, իբրեւ սեփական ճակատագիրը տնօրինող անկախ պետութիւններ:
Եւ պահ մը մտածենք.
Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի տարածքային նկրտումները Հայաստանի ու Արցախի նկատմամբ միջպետական լարուած յարաբերութեան մը ծիրէն շատ աւելի անդին կ’անցնին, ու հայկական պահանջատիրութիւնը (Արցախի, Ցեղասպանութեան հետապնդումը դադրեցնելու ու Թուրքիային հողային պահանջ չներկայացնելու բաղադրիչներով) վերջնականապէս թաղելու նպատակը կը հետապնդեն:
Ճակատագրական փուլի մէջ մտած է հայ-թրքական դարաւոր կնճիռը:
Անկիւնադարձային հանգրուանի մը առջեւ կը գտնուինք: Եւ ազգովին պէտք է գիտակցինք, որ ոչ միայն պետութիւնն ու հայրենիքն են վտանգուած, այլեւ կը գտնուինք Հայկական Բարձրաւանդակի՝ Հայոց պատմական բնօրրանի՝ վերջին պատառիկը կորսցնելու սպառնալիքին առջեւ:
Ամբողջական հայութեամբ, Ամբողջական Հայաստանի տեսլական ունեցող 132-ամեայ Դաշնակցութիւնը չի կրնար համակերպիլ ստեղծուած իրավիճակին, ոչ ալ կրնայ հանդուրժել անոր շարունակումը: Ընդհանուր Ժողովը անկասկած պիտի տայ այս կնճռոտ հարցերուն պատասխանը, այնպիսի պատասխան, որ ՀԱՅ ԴԱՏԸ երբեք չվերածուի Հայկական Հարցի:
Հետեւաբար, պետականակերտ կուսակցութեան Ընդհանուր Ժողովը ելքեր կ’որոնէ ու կը գտնէ, թէ ինչպէ՛ս հայկական զոյգ հանրապետութիւնները պէտք է դուրս բերել անել այս կացութենէն: Տրամաբանօրէն կը հետեւի նաեւ այն՝ որ Ընդհանուր Ժողովը Հայ Դատի գրասենեակներուն ու յանձնախումբերուն աշխատանքներուն նոր թափ պիտի հաղորդէ՝ ռազմավարական նոր շեշտադրումներ եւ մշակումներ կատարելով:
Ներազգային ճակատի վրայ մերժելով ազգի տարբեր հատուածներուն եւ խաւերուն միջեւ բաժնարար գիծերու առկայութիւնը, հայկական իրականութեան ներկայ փուլի առաջնահերթութիւններուն լոյսին տակ ՝ Ընդհանուր Ժողովը անկասկած պիտի քննարկէ համահայկական օրակարգի շուրջ համայն հայութիւնը համախմբելու հարցը՝ հաւաքական ուժականութիւն ստեղծելու համար:
Հակադաշնակցական դրսեւորումները ա՛լ յայտնի են, որ կը հետապնդեն հայութիւնը ջլատելու, անոր կենսունակ ուժերը տկարացնելու, մաշեցնելու սին նպատակը: Հաւանաբար Ընդհանուր ժողովը կ’անդրադառնայ նաեւ այս հարցին, ոչ թէ զբաղելով տարածուող սուտերու, զրպարտութիւններու քննադատութեամբ, այլ քննելով հայութիւնը իր հիմնական նպատակներէն շեղեցնելու անոր անդրադարձները եւ հեռահար թիրախները:
Ընդհանուր Ժողովը մասնայատուկ զննութեան կ’ենթարկէ կազմակերպութեան իրավիճակը, կարելիութիւնները, իր անդամներուն (ինչպէս եւ ազգին) հաւաքական տրամադրութիւնը, որպէսզի մարդկային եւ նիւթական իր հնարաւորութիւններուն չափով, իրապաշտօրէն որոշէ ընելիքները:
Մասնագիտացումի ընթացք մը ակնյայտ է կուսակցութեան գործունէութեան մէջ: Քաջալերելի երեւոյթ է երիտասարդներու ներգրաւումը եւ անոնց պատասխանատու պաշտօն վստահիլը:
Ընդհանուր Ժողովը յատուկ կարեւորութեամբ սեղանի վրայ պիտի դնէ բնականաբար Սփիւռքի հարցերը, որոնցմէ գլխաւորները ըլլալու են շատ վստահաբար՝ անոր ներկայ վիճակը, կազմակերպուածութեան ամրապնդումն ու հզօրացումը, անոր եւ հայրենի հայութեան միջեւ կապերու վերանորոգ աշխուժացումը, Միջին Արեւելքի տագնապահար գաղութներուն մարդասիրական օգնութիւն հասցնելը:
Դաշնակցութեան սկզբունքներուն, գաղափարախօսութեան եւ գործունէութեան մէջ գերիշխողը ազգայինն ու համահայկականն են, Ընդհանուր Ժողովներու օրակարգի հիմնական առանցքը՝ նո՛յնպէս, այս Ընդհանուր ժողովինը՝ յա՛տկապէս, որովհետեւ ամէնէն աւելի այդ է վտանգուածը ներկայիս: Հաւանաբար.այդ հրամայական անհրաժեշտութեամբ ալ պայմանաւորուած է Ընդհանուր Ժողովին գումարումը՝ մէկ տարի կանխումով: Նոյն հրամայականի գիտակցութեամբ ալ բացատրելի է հայ հանրութեան ցուցաբերած սպասողական հետաքրքրութիւնը գումարուելիք Ընդհանուր Ժողովին հանդէպ: Հայ հանրութիւնը միշտ ալ սուր հետաքրքրութիւն դրսեւորած է Ընդհանուր Ժողովներու նախօրեակին՝ արդա՛ր ակնկալիքով. Դաշնակցութենէն սպասելով պարզ ու պայծառ որոշումներ՝ ճամբայ եւ հեռապատկեր ցոյց տուող: Ընդհանուր Ժողովը պիտի տայ իր օրակարգին վրայ եղած ազգային վճռորոշ բոլո՛ր հարցերուն պատասխանը, ի՛ր պատասխանը՝ էութեամբ համահունչ հայութեան պահանջներուն: Որովհետեւ Դաշնակցութիւնը ժողովուրդին կը պատկանի, ու իր ուժի աղբիւրը ա՛ն է: Եւ Դաշնակցութիւնը ցարդ յուսախաբ չէ ըրած ժողովուրդը, որովհետեւ բնաւ չէ մոլորեցուցած, չէ խաբած զայն:
Բնականաբար նոյնը պիտի ըլլայ ա՛յս անգամ: Արդա՛ր է հանրութեան հետաքրքրութիւնը, նոյնքան արդար է անոր ակնկալութիւնը: Ներկայ կացութեամբ մա՛նաւանդ, երբ Հայաստանի իշխանութիւնը ձեռք քաշած կը թուի ըլլալ ազգային հիմնախնդիրներէն ՝ աւազախրումի, ջայլամի իր քաղաքականութեամբ: Այս անգամ սակայն հանրութեան այդ ակնկալիքին անձկութիւն է միախառնուած: Արցախի 44-օրեայ պատերազմին յաջորդած յուսալքութեան ալիքը վերջնականապէս չէ կոտրուած: Հայութեան մեծամասնութիւնը յուսախաբ է պետական քաղաքականութենէն՝ ազգային խնդիրներու գծով: Հայութիւնը կ’ակնկալէ, որ Դաշնակցութեան հետ եւ անոր ընդմէջէն մերժէ Հայաստանի թրքացումը, Սիւնիքի յանձնումը, Արցախի ատրպէյճանացումը, Սփիւռքի ուծացումը: Դաշնակցութեան Ընդհանուր Ժողովը պիտի գայ փարատելու համատարած անձկութիւնը: Անկէ ետք՝ համահայկական գործը մեզ բոլորս կը սպասէ: Չվարանինք միանալու ընդհանուր գործին:
Շողիկ Աշըգեան