“Երկիր”._Ռուսիոյ նախագահ Փութին Երեւանի ժամով առաւօտեան ժամը 05.50-ին ռուս ժողովուրդին ուղղուած իր ուղերձին մէջ յայտարարած է, որ Տոնպասի մէջ յատուկ զինուորական գործողութեան մասին որոշում առած է: «Մենք պատրաստ ենք իրադարձութիւններու որեւէ զարգացման։ Վստահ եմ, որ իրենց երկրին նուիրուած Ռուսիոյ զինուորներն ու սպաները պիտի կատարեն իրենց պարտքը։ Եթե երրորդ երկիրներէն ինչ-որ մէկը փորձէ միջամտել, Ռուսիոյ արձագանգը անյապաղ պիտի ըլլայ։ Հանգամանքները կը ստիպեն մեզ վճռական եւ անյապաղ գործողութիւններու ձեռնարկել: Տոնպասի ժողովրդական հանրապետութիւնները դիմած են Ռուսիոյ՝ օգնութեան խնդրանքով: Այս առնչութեամբ, համաձայն ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան 7-րդ մասի 51-րդ յօդուածին եւ ի կատարումն Դաշնային ժողովի կողմէն վաւերացուած ԴԺՀ-ի եւ ԼԺՀ-ի հետ բարեկամութեան եւ փոխօգնութեան մասին պայմանագիրներու, ես որոշած եմ յատուկ զինուորական գործողութիւն սկսիլ», ըսած է Փութին պատկերասփիւռային իր ուղերձին մէջ։ Երկրի ղեկավարը յայտնած է, որ Ռուսիոյ ծրագիրներուն մէջ Ուքանիոյ բռնագրաւումի հարց չկայ, սակայն Մոսկուան պիտի ձգտի անոր ապառազմականացման: «Յատուկ գործողութեան նպատակը մարդոց պաշտպանութիւնն է, որոնք 8 տարուան ընթացքին ենթարկուած են ծաղրուծանակի ու ցեղասպանութեան Քիեւի վարչակազմին կողմէն, անոր համար մենք պիտի ձգտինք Ուքրանիոյ ապառազմականացումին , ինչպէս նաեւ դատարանին յանձնելու անոնց, որոնք իրականացուցած են բազմաթիւ արիւնալի յանցագործութիւններ խաղաղ բնակիչներուն եւ Ռուսիոյ քաղաքացիներուն նկատմամբ», ըսած է Փութին: Անոր խօսքին համաձայն, Ռուսիոյ բախումը Ուքրանիոյ մէջ ազգայնական ուժերու հետ անխուսափելի է։ Ան նաեւ աւելցուցած է, որ Ռուսիա չի կինար ինքզինք անվտանգ զգալ, զարգանալ, իր գոյութիւնը շարունակել Ուքրանիայէն եկող մշտական սպառնալիքի տակ, նկատելով, որ անընդունելի է ՆԱԹՕ-ի կողմէն Ուքրանիոյ իւրացումը: Ռուսիոյ քաղաքականութեան հիմքը ազատութիւնն է, այդ իրաւունքը պէտք է ունենան բոլորը՝ Ուքրանիոյ բնակիչները, յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահը. «Ընտրութեան ազատութիւն բոլորին համար, որ ինքնուրոյն որոշեն իրենց եւ իրենց երեխաներու ապագան: Մենք կարեւոր կը համարենք, որ այդ իրաւունքէն, ընտրելու իրաւունքէն կարենան օգտուիլ Ուքրանիոյ մէջ ապրող բոլոր ժողովուրդները: Բոլորը, ով որ կ’ուզէ», ըսած է ան: Փութին յիշեցուցած է, որ ոչ ԽՍՀՄ ստեղծելու ատեն, ոչ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն վերջ ժամանակակից Ուքրանիոյ կազմին մէջ գտնուող այս կան տարածքին մէջ ապրող մարդոց չեն հարցուցած, թէ ինչպէս իրենք կ’ուզեն կառուցել իրենց կեանքը: Փութին դիմած է նաեւ ուքրանացի զինուորականներուն՝ յայտնելով, որ անոնք հաւատարմութեան երդում տուած են ժողովուրդին, ոչ թէ հակաժողովրդական խունտային, որ թալանած է Ուքրանիան: Ռուսիոյ նախագահը կոչ ուղղած է ուքրանացի զինուորականներուն չկատարել յանցաւոր հրամաններ, անյապաղօրէն վար դնել զէնքը եւ երթալ տուն: Ան միաժամանակ ընդգծած է, որ Ուքրանիոյ բանակի բոլոր զինուորական ծառայողները, որոնք պիտի կատարեն այդ պահանջը, պիտի կարենան առանց խոչընդոտներու լքել զինուորական գործողութիւններու գօտին եւ վերադառնալ տուն իրենց ընտանիքներուն մօտ: Փութին ընդգծած է, որ Ռուսիան կը յարգէ եւ կը շարունակէ յարգել ԱՊՀ երկրի ինքնիշխանութիւնը։ ՆԱԹՕ-ն, ըստ Փութինի, կը մօտենայ Ռուսիոյ սահմաններուն, եւ Մոսկուան 30 տարուան ընթացքին փորձած է համաձայնիլ, որ այդ դաշինքը չծաըալի դէպի արեւելք, սակայն բախում ունեցած է սուտի, սպառնալիքի ու ճնշման փորձերու։ Ռուսիան պատրաստ է իրադարձութիւններու որեւէ զարգացման, բոլոր որոշումները ընդունուած են, յայտարարած է Փութին: Իսկական ուժը արդարութեան ու ճշմարտութեան մէջ է, եւ Ռուսիան այդ կողմն է, յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահը։