«ՌԻԱ Նովոսթի»-ի համաձայն, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումին ընթացքին յայտնած է «Այսօր՝ 23 Փետրուարին, Ատրպէյճանի հետ Ռուսիոյ դաշնակցային համագործակցութեան մասին հռչակագիր պիտի ստորագրուի»: Փութին հռչակագիրը բնութագրած է իբրեւ Պաքուի հետ յարաբերութիւններու զարգացման նոր փուլ: Ալիեւ իր կարգին յայտարարած է, որ Ռուսիոյ հետ դաշնակցային համագործակցութեան մասին հռչակագիրի ստորագրութիւնը հաստատօրէն շատ դրական նշանակութիւն պիտի ունենայ: «Հռչակագիրին մէջ շուրջ 40 կէտ կայ, անիկա համագործակցութեան լայն երեւոյթներ կ՛ընդգրկէ», բացատրած է Ալիեւ: