ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ, ՀՀ Ազգային Ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան 22 Փետրուարին ընդունած է Եւրոպական Խորհրդարանի՝ Հարաւային Կովկասի երկիրներու հետ պատուիրակութեան ղեկավար Մարինա Քալիւրան եւ Եւրոպական Խորհրդարանի պատգամաւոր Եոազէս Օլեքաս։ Հանդիպումին մասնակցած են ՀՅԴ անդամներ, ՀՀ ԱԺ պատգամաւորներ Արծուիկ Մինասեան, Արթուր Խաչատրեան, Քրիստինէ Վարդանեան, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակի յատուկ ծրագիրներու պատասխանատու Գէորգ Ղուկասեան: Իշխան Սաղաթէլեան ներկայացուցած է ՀՅԴ դիրքորոշումները Ղարաբաղեան հիմնահարցին շուրջ ստեղծուած իրավիճակին մասին՝ նկատելով, որ հիմնահարցը լուծուած չէ եւ վերջնական լուծումը կարելի է բացառապէս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեամբ։ ԱԺ փոխխօսնակը անդրադարձած է նաև ՀՀ ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ Ատրպէյճանի շարունակուող ոտնձգութիւններուն եւ շնորհակալութիւն յայտնած է տիկին Քալիւրանտին՝ 21 Փետրուար 2021_ի միատեղ յայտարարութեան ու 22 Փետրուար-ի ելոյթն առնչութեամբ։ Տիկին Քալիւրանտ ընդգծած է հակամարտութեան համապարփակ կարգուորման անհրաժեշտութիւնը, որուն պէտք է հասնիլ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեամբ, հիմնուած տարածքային ամբողջականութեան, ուժ չկիրառեկու եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման ու իրաւահաւասարութեան սկզբունքներուն վրայ։ Եւրոպացի գործընկերները վերահաստատած են իրենց կառուցողական եւ հաւասարակշռուած դիրքորոշումները։ ՀՅԴ ներկայացուցիչները մտահոգութիւն յայտնած են Հայաստանի մէջ արձանագրուող ժողովրդավարական յետընթացին համար՝ նկատելով, որ իշխանութիւնները հետեւողական ապատեղեկատուութեամբ փորձած են մոլորեցնել եւրոպացի գործընկերներուն։ Առանձնապէս քննարկուած է ՀՅ Դաշնակցութեան եւ Եւրոպական Խորհրդարանի ընկերային-ժողովրդավարական (S&D) քաղաքական խումբի հետ յարաբերութիւններու որակական զարգացման ուղղութեամբ հետագայ քայլերուն եւ գործողութիւններու իրականացումը: ՀՅ Դաշնակցութեան հայկական միակ կուսակցութիւնն է, որ իբրեւ դիտորդ կ’անդամակցի Եւրոպայի ընկերաբաններու կուսակցութեան (PES)։ ՀՅԴ ներկայացուցիչները անդրադարձած են ՀՅԴ խորհրդարանական խմբակցութեան և Եւրոպական Խորհրդարանի ընկերային-ժողովրդավարական քաղաքական խումբի հետ նախապէս առկակ գործակցութեան յուշագիրին։