«Շանթ».- Genesis Armenia կեդրոնը յայտնած է, որ Արցախի մէջ բացուած է ատրպէյճանագիտութեան առաջին կեդրոնը:
«Genesis Armenia մտածումի խթանման կեդրոն-հիմնադրամի ռազմավարական նշանակութեան նոր նախագիծը, այսպիսով, իրականութիւն դարձած է:
Կարօ Կարապետեանի անուան կեդրոնը, որ զինուած է արհեստավարժ ուսումնառութեան համար անհրաժեշտ ճարտարագիտութեամբ ու գոյքով, հաստատուած է Արցախի պետական համալսարանի շէնքին մէջ: Նախաձեռնութիւնը կեանքի կոչուած է Կարօ Կարապետեանի տիկնոջ` Վարդուկ Կարապետեանի եւ զաւակներուն (տէր եւ տիկին Մեղրի եւ Պէտի Աուտիշ, զաւակը` Վանի, Աբօ Կարապետեան, Ուռի Կարապետեան) ու Genesis Armenia-ի ջանքերով:
Կեդրոնին մէջ առաջին փուլով մէկ տասնեակէն աւելի արցախցի երիտասարդներ անվճար ատրպէյճաներէն պիտի սորվին եւ Ատրպէյճանը պիտի ուսումնասիրեն: Ծրագիրի նպատակն է պատրաստել կրթուած, իր ազգային-պետական շահերն ու թշնամին լաւ ճանչցող սերունդ:
Genesis Armenia-ի քաղաքականութեան հիմքը հայկական զոյգ պետութիւններու ռազմաքաղաքական եւ անվտանգային մարտահրաւէրներու յաղթահարումն է: Կեդրոնը այս քաղաքականութեամբ պիտի պատրաստէ ատրպէյճաներէնի մասնագէտներ, որոնք պիտի կարենան իրենց հմտութիւնները գործածել թուրք-ատրպէյճանական հովանիին տակ եկող տեղեկատուական, քարոզչական եւ անվտանգային սպառնալիքներու չէզոքացման համար », նշուած է կեդրոնի հաղորդագրութեան մէջ: