Հինգշաբթի, 28 Հոկտեմբեր 2021-ին, Սուրիոյ նախագահ, սուրիական բանակի ընդհանուր հրամանատար Պաշշար ալ Ասատ վարչական հրամանագիր մը հրապարակեց։ Հրամանագիրին համաձայն, 1 Յունուար 2022-ին զօրացրուումի կ՚ենթարկուին հետեւեալ զինուորական կարգերը ունեցող զինուորական ծառայողները։ – Զինուորական պարտադիր կամ պահեստի կոչուած սպաները, որոնք կը բոլորեն երկու տարուան իրենց ծառայութիւնը՝ մինչեւ 31 Դեկտեմբեր 2021։ -Բժշկական ծառայութիւն ունեցող բժիշկ զինուորները, որոնք կը բոլորեն երկու տարուան իրենց ծառայութիւնը՝ մինչեւ 31 Դեկտեմբեր 2021։ -Պարտադիր կամ պահեստի կոչուած աստիճանաւոր սպաները, որոնք կը բոլորեն վեցուկէս տարուան իրենց ծառայութիւնը՝ մինչեւ 31 Դեկտեմբեր 2021։