«Երկիր Մետիա».- ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ, «Հայաստան» դաշինքի անդամ Իշխան Սաղաթէլեան 6 Յունիսին Սիւնիքի Ագարակ համայնքի բնակիչներուն հետ հանդիպումին ըսած է, որ Հայաստանին անհրաժեշտ է սուտին, կեղծիքին, պարտուողականութեան այլընտրանք առաջարկող իշխանութիւն: «Վստահ եմ, որ ձեր մորթին վրայ կը զգաք, թէ մեր երկիրը այսօր անդունդի եզրին է իր բոլոր հարցերով: Հայաստանին անհրաժեշտ է սուտին, կեղծիքին, ամբոխավարութեան, պարտուողականութեան այլընտրանք առաջարկող իշխանութիւն. իշխանութիւն, որ պատասխանատուութիւն պիտի կրէ իր ժողովուրդին համար, իշխանութիւն, որուն միակ հարցը պիտի ըլլայ ոչ թէ ժողովուրդին հաւանութիւնը, այլ ժողովուրդին անվտանգութիւնը ապահովելը, ժողովուրդին համար բարեկեցութիւն ստեղծելը, պատասխանատուութիւն ունենալը իր սեփական ժողովուրդի ինքնիշխան տարածքին, սահմաններուն, ժողովուրդին նկատմամբ», ըսած է Սաղաթէլեան: Իշխան Սաղաթէլեան վստահեցուցած է, որ «Հայաստան» դաշինքը այն խումբն է, որ ունի երկրի զարգացման ծրագիր, որ ունակ է կազմակեպելու պաշտպանութիւնը, վերականգնելու հայ մարդու արժանապատուութիւնը եւ երկիրը բերելու բնականոն զարգացման փուլի: