«Երկիր Մետիա».- 7 Յունիսին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան կոչ ուղղած է նախընտրական քարոզարշաւի մեկնարկին առիթով.. «Այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ պաշտօնապէս մեկնարկած է Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններու նախընտրական քարոզարշաւը: Այս ընտրութիւնները տեղի կ’ունենան բացառիկ բարդ եւ ճգնաժամային պայմաններու մէջ, մեր ժողովուրդն ու պետութիւնը կ’անցնին դժուարին փորձութիւններու մէջէն: Ընտրութիւններուն մասնակցելու յայտ ներկայացուցած բոլոր կուսակցութիւններուն եւ դաշինքներուն կոչ կ’ուղղեմ ըլլալու առաւելագոյնս զուսպ, յարգելու ընտրողը ու մրցակիցը, ցուցաբերելու խոհեմութիւն ու հանդուրժողականութիւն, ընտրական գործընթացը կատարելու քաղաքակիրթ քաղաքական մշակոյթի մթնոլորտի մէջ: Կ’առաջարկեմ բոլոր քաղաքական ուժերուն, որ իրենց գործունէութեամբ, պահուածքով եւ խօսքով չխորացնեն ճգնաժամը, չհատեն բարոյականութեան սահմանները, տուրք չտան քարոզչական անազնիւ արհեստագիտութեան, հաւատարիմ մնան մեր ազգային արժէքներուն ու հաւաքական նպատակին: Պետական բոլոր կառոյցները պարտաւոր են առաւել պատասխանատուութեամբ վերաբերելու իրենց պարտականութիւններուն գծով: Յատկապէս մեծ պատասխանատուութիւն ունին իրաւապահ մարմինները: Անոնք պարտաւոր են գործելու մեծ պատասխանատուութեամբ ու մասնագիտութեամբ` երաշխաւորելու օրինականութիւնն ու իրաւունքի գերակայութիւնը, ապահովելու հասարակական կարգը, ընտրութիւններու բնականոն ընթացքը: Կը դիմեմ բոլոր ընտրողներուն` ընտրութիւններուն աշխուժօրէն մասնակցելով դրսեւորելու մեր վերաբերմունքը քաղաքական այս կամ այն ուժին, այս կամ այն քաղաքական գործիչին հանդէպ` խորապէս գիտակցելով, որ ընտրութիւն կը կատարենք մեր երկրի ապագային, զարգացման հեռանկարին, մեր սերունդներու բարեկեցութեան համար: Յաջողութիւն մաղթելով ընտրութիւններուն մասնակցող բոլոր կուսակցութիւններուն եւ դաշինքներին` կ’ուզեմ յիշեցնել, որ այս ընտրութիւնները, արտահերթ եւ նաեւ արտակարգ, երկրի համար բախտորոշ ըլլալով հանդերձ, բնականոն քաղաքական գործընթաց են, որուն պէտք է վերաբերիլ մեծ պատասխանատուութեամբ, եւ որմէ Հայաստան պետութիւնը եւ մեր ժողովուրդը պէտք է արժանապատուութեամբ դուրս գան»: