«Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ հսկողութեան տակ գտնուող սուրիացի վարձկանները պատրաստուած են տեղակայուելու Ատրպէյճան:
THE GUARDIAN լրատուամիջոցը յայտնած է, որ Ատրպէյճանի մէջ վարձկաններու տեղակայումը կը վկայէ տարածաշրջանի մէջ Թուրքիոյ յաւակնութիւններու ընդլայնելուն մասին: Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին Թուրքիան իրեն համար ստեղծած է Մոսկուայի հետ մրցակցութեան երրորդ թատերաբեմը: Անգարան արդէն ներգրաւուած է Ռուսիոյ հետ հակամարտութիւններուն մէջ Սուրիայէն եւ Լիպիայէն եւ լարուածութիւնը կրնայ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղ տեղափոխուիլ:
Յօդուածին մէջ անդրադարձ կատարուած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի յայտարարութեան, որ իրենց պետութիւնը ամբողջովին կ’աջակցի եղբայրական Ատրպէյճանին` Լեռնային Ղարաբաղի հարցը ի շաh անոր լուծելու հարցին մէջ: