«Արմէնփրէս».- Արցախի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը հրապարակած է լուսանկարներ` ցուցադրելով Ատրպէյճանի օդուժի կորուստները: Լուսանկարները հրապարակուած են Արցախի ՊՆ պաշտօնական կայքին մէջ:
Ատրպէյճանի օդուժը կորուստներ ունեցած է Արցախի նկատմամբ սանձազերծած ռազմական գործողութիւններու ընթացքին: Հայկական կողմը խոցած է թշնամիի 4 ուղղաթիռ, 1 ինքնաթիռ եւ 49 ԱԹՍ: