«Հորիզոն».-Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Քանատայի խորհրդարանի Քանատա-Արցախ խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար եւ ընդդիմադիր Պահպանողական կուսակցութեան անդամ Ռէյչըլ Հարտըր յատուկ գրառումով դատապարտած է Արցախի վրայ ատրպէյճանական յարձակումը։
Ռէյչըլ Հարտըր իր դատապարտման կոչին մէջ կը նշէ, որ ատրպէյճանական զինեալ յարձակումները դիտաւորեալ ուղղուած են անմեղ քաղաքացիներու դէմ: Պահպանողնաղական կուսակցութիւնը կը հաւատայ, որ հակամարտութեան գծով ռազմական լուծումը անընդունելի է: Ռէյչըլ Հարտըր կը շեշտէ նաեւ, որ Քանատան սատար կը հանդիսանայ Հելսինքիի համաձայնագրի բանաձեւերուն վրայ հիմնաւորուած ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի նախաձեռնութեանց՝ ներառեալ տարածաշրջանի բնակչութեան ինքնորոշման իրաւունքին: