«Արմէնփրէս».- 28 Սեպտեմբերին հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան ըսած է, որ հայկական կողմը Ատրպէյճանի կողմէն Արցախի նկատմամբ սանձազերծուած ռազմական գործողութիւններու ընթացքին մարտավարական առումով որեւէ շատ կարեւոր դիրք չէ կորսնցուցած: :
«Թաքթիքական առումով որեւէ շատ կարեւոր դիրք հակառակորդը չէ գրաւած, մենք շատ կարեւոր դիրք չենք գրաւած կամ յառաջխաղացում չենք ունեցած: Զինուորական ճարտարագիտական եւ մարդկային մեծ քանակի կորուստներ պատճառած ենք հակառակորդին», ըսաւ Յարութիւնեան:
Արայիկ Յարութիւնեան յայտնեց, որ այժմ աշխուժ ռազմական գործողութիւններ կ’ընթանան արցախա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծի ողջ երկայնքով: