«Արմէնփրէս».- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 28 Սեպտեմբերին ժամը 20:00-ին հեռախօսազրոյց ունեցած է Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան Քանցլեր Անժելա Մերքելի հետ:
ՀՀ վարչապետը ներկայացուցած է իրավիճակը տարածաշրջանին: Ան յայտնած է, որ Արցախը ենթարկուած է Ատրպէյճանի արարքին եւ խիստ մտահոգութիւն յայտնած է շարունակուող ռազմական գործողութիւններով, որոնք կը սպառնան Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան: Ան աւելցուցած է, որ յուլիսեան դէպքերէն ի վեր Թուրքիան աննախադէպ աշխուժութիւն ցուցաբերած է տարածաշրջանի մէջ: Վարչապետ Փաշինեան Գերմանիոյ քանցլերին կոչ ուղղած է գործադրելու ամէն ջանք Թուրքիոյ բացասական եւ ապակառուցողական կեցուածքը սանձելու եւ տարածաշրջանի մէջ անոր ներգրաւուածութիւնը բացառելու համար:
Գերմանիոյ քանցլերը իր խոր մտահոգութիւնը յայտնած է ստեղծուած իրավիճակով:Ան դիտել տուած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը չունի այլընտրանք եւ ընդգծած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի միջոցով խաղաղ գործընթացի վերսկսման անհրաժեշտութիւնը: