Month: December 2024

ԹՈՂ 2025 ՏԱՐԻՆ ԴԱՌՆԱՅ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՄԱՆ ՏԱՐԻ

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Նոր Տարուան Պատգամը Ժամանակի արագընթաց թաւալումին եւ մարդկային կեանքի հեւքին մէջ հին տարիէն նոր տարի անցման այս փուլը ընդհանրապէս բնորոշուած է իբրեւ եզակի առիթ ինքնաքննութեան ու հաշուետուութեան:…

ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ՍՈՒՐԻՈՅ ՆՈՐ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱԼԷՊԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԵՒ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբազան Արք. Աշգարեան, Ազգային Երեսփոխանական եւ Կրօնական ժողովներու դիւանները, Ազգային Վարչութեան անդամներն ու Յարաբերական յանձնախումբի ներկայացուցիչները, Երկուշաբթի, 30 Դեկտեմբեր 2024-ի միջօրէին, Ազգային…

ՀՐԱՄԱՆԱՏԱՐ ՇԱՐՀ ՅԱՅՏՆԵՑ, ՈՐ ՍՈՒՐԻԱ ՈՐԵՒԷ ԵՐԿՐԻ ՀԱՄԱՐ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔ ՊԻՏԻ ՉԴԱՌՆԱՅ

«Ալ-Արապիա» պատկերասփիւռային կայանը հարցազրոյց ունեցաւ Սուրիոյ ռազմական գործողութիւններու հրամանատար Ահմետ աշ-Շարհի հետ։ Ստորեւ Շարհի անդրադարձած գլխաւոր կէտերը. -Փոխանցման կառավարութեան մէջ միագոյն նշանակումներուն շուրջ խօսակցութիւնները ճիշդ են, որովհետեւ ներկայ փուլը ներդաշնակ…

ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒ ԿԱՂԱՆԴԸ

Հալէպի Ազգ. Մանկապարտէզի Կաղանդի տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ այսօր առաւօտեան, «Գ. Եսայեան» սրահէն ներս, ներկայութեամբ սրբազան հօր, հայր սուրբերուն, Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ուսումնական Խորհուրդի ներկայացուցիչներուն, ՍՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան,…

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ Կ’ԱՐԳԻԼԷ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ ՀՐԱՀՐՈՂ ԼՐԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒՄԸ

Յանուն Սուրիոյ ազգային միասնակամութեան ամրապնդման եւ սուրիական ընկերութեան բոլոր բաղադրիչներու պահպանման, Սուրիոյ Տեղեկատուութեան Նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ յայտարարեց, որ սուրիական ընկերութեան մաս կազմող համայնքներուն միջեւ խռովութիւն եւ լարուածութիւն հրահրող լրատուութիւնը կ՚արգիլուի։ Նախարարութիւնը…

ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՅՈՒՇԱԳԻՐ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ «ԿԻԼԻԿԻԱ» ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԻՆ ԵՒ Հ.Հ. ԳԻՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱԿԱԴԵՄԻԱՅԻ ՀԻՄՆԱՐԱՐ ԳԻՏԱԿԱՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆԻՆ ՄԻՋԵՒ

Հինգշաբթի, 19 Դեկտեմբեր 2024-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Հիմնարար Գիտական Գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ Համագործակցութեան Յուշագիրի ստորագրութիւն՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» մատենադարանին, յանձինս Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի…

ԵՂԲ. ՀԱՆՐԻ ԱՆԹԷՊԻԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

Եղբ. Հանրի Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի, ապա համալսարանի շրջանաւարտ էր։ Դարձաւ բնագիտութեան ուսուցիչ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն ներս։ Շուրջ մէկ տարի վերջ արաբական մէկէ աւելի դպրոցներու մէջ դասաւանդեց երկար տարիներ…

ՄԱՐԶԱԿԱՆ՝ ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ Բ./2024

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՆ ԶԻՋԵՑԱՒ ԱՌԱՋՆՈՒԹԻՒՆԸ Սպանիոյ առաջնութեան 18-րդ փուլի մրցումներուն, Պարսելոնան իր դաշտին վրայ ընդունեց Աթլեթիքո Մատրիտը եւ զիջելով առաջնութեան դիրքը 2 – 1 արդիւնքով պարտութեան մատնուեցաւ: Հերթական երկրորդ մրցումը ըլլալով…