Month: July 2024

ՀԱՄԱՍ-Ի ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԹԵՒԻ ՂԵԿԱՎԱՐ ԻՍՄԱՅԻԼ ՀԷՆԻԷ ՍՊԱՆՈՒԵՑԱՒ ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷՋ ԻՐ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԻ ՀՐԹԻՌԱԿՈԾՄԱՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՈՎ

ՍԱՆԱ վկայակոչելով Իրանական «ԻՐՆԱ» լրատու գործակալութիւնը յայտարարեց, որ պաղեստինեան ՀԱՄԱՍ դիմադրութեան շարժումի քաղաքական թեւի ղեկավար Իսմայիլ Հանիէ սպանուեցաւ՝ Թեհրանի մէջ իր նստավայրին հրթիռակոծման հետեւանքով։ Այս առումով, Իսլամական Յեղափոխութեան Պահակագունդի հասարակական…

ԻՍՐԱՅԷԼ ՀՐԹԻՌԱԿՈԾԵՑ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԱՒԱՆԻՆ ՄԷՋ ԲՆԱԿԱՐԱՆԱՅԻՆ ՇԷՆՔ ՄԸ

Լիբանանեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Երեքշաբթի, 30 Յուլիս 2024-ին իսրայէլ հրթիռակոծեց Պէյրութի հարաւային աւանին մէջ բնակարանային շրջան մը։ Լիբանանեան աղբիւրներ յայտնեցին, որ Իսրայէլ հարաւային աւանի «Հարէթ Հրէյք» շրջանին մէջ բնակարանային շրջան…

ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՅԱՏՈՒԿ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ 5-ՐԴ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը յայտարարութիւն հրապարակած է Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին առնչուող յատուկ ներկայացուցիչներու 5-րդ հանդիպումին մասին: Յայտարարութեան մէջ ըսուած է. «30 Յուլիսին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի յատուկ…

ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՍԱՏ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ՄԱՏՈՐՈՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՎԵՐԸՆՏՐՈՒԵԼՈՒՆ ԱՌԻԹՈՎ

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ շնորհաւորագիր մը յղեց Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատորոյին՝ նախագահ վերընտրուելուն առիթով։ Նախագահ Ասատ շնորհաւորեց նաեւ Վենեզուելայի բարեկամ ժողովուրդը նախագահական ընտրութիւններու յաջող ընթացքին առիթով։ Նախագահը եզրափակելով շեշտեց, որ…

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԿԸ ԽՈՍՏՈՎԱՆԻ ԻՐ ԵՐԿՐԻ ՈՒՂՂԱԿԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐՑԱԽԻ ԲՌՆԱԳՐԱՒՄԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Անգարա կրնայ Իսրայէլ մուտք գործել ճիշդ այնպէս ինչպէս Արցախ եւ Լիպիա մուտք գործեց, եւ ոչինչ անոր կ՛արգիլէ: «Պէտք է շատ հզօր ըլլանք, որպէսզի…

ՀՕՄ-Ի ԱՄՆ-Ի ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՇՐՋԱՆԻ 99-ՐԴ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

Հայ Օգնութեան Միութեան ԱՄՆ-ի Արեւմտեան Շրջանի 99-րդ Շրջանային Պատգամաւորական ժողովը յաջողութեամբ գումարուեցաւ 19-21 Յուլիս 2024-ին, Պըրպէնքի Հայ Կեդրոնէն ներս, հիւրընկալութեամբ շրջանիս «Արազ» Մասնաճիւղին, 75 E Santa Anita, Burbank, CA 91502։…

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ. «ՅԱՏՈՒԿ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԹՈՒՐՔԻԱ ՍԱՀՄԱՆԻՆ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՊԻՆ»

30 Յուլիսին Հայաստան-Թուրքիա սահմանին տեղի պիտի ունենայ երկու երկիրներու յատուկ ներկայացուցիչներու 5-րդ հանդիպումը: Այս տեղեկութիւնը յայտնած է Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Անի Պատալեան։

ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՍԱՏ ՀՐԱՊԱՐԱԿԵՑ ՍՈՒՐԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ԸՆՏՐՈՒԱԾ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐՈՒ ԱՆՈՒԱՆԱՑԱՆԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ՀՐԱՄԱՆԱԳԻՐ ՄԸ

Այսօր՝ 29 Յուլիս 2024-ին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ հրապարակեց 2024-ի /194/ թուակիր հրամանագիրը, որ կ՚ընդգրկէր Սուրիոյ խորհրդարանի 4-րդ օրէնսդրական նստաշրջանի համար ընտրուած 250 երեսփոխաններու անունները։

ՍՈՒՐԲ ԱՆՆԱ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԲԱԿԻՆ ՄԷՋ ԲԱԳՐԱՏ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԻՏԻ ԽՕՍԻ ՇԱՐԺՈՒՄԻ ՆԵՐԿԱՅ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ՄԱՍԻՆ

Այսօր, Երեւանի ժամով ժամը 19։30-ին, Սուրբ Աննա եկեղեցւոյ բակին մէջ հաւաք տեղի պիտի ունենայ։ Սրբազան պայքարի դիմատետրի էջի փոխանցումով, հաւաքի ընթացքին Սրբազան պայքարի առաջնորդ Բագրատ Արք. Գալստանեան պիտի ամփոփէ Վայոց…

ԼԻԶՊՈՆԻ 41-ԱՄԵԱԿԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ ԵՒ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան, Ուրբաթ, 26 Յուլիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ նշուեցաւ Լիզպոնի գործողութեան 41-ամեակը: Բացման խօսքը արտասանեց Կալի Թագւորեան: Օրուան բանախօսն էր Յակոբ…