Month: May 2024

ԼԱԹԱՔԻՈՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՍՐԲՈՑ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ

Ուրբաթ, 24 Մայիս 2024-ին, Լաթաքիոյ «Արարատ» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Ազգ. Ս. նահատակաց մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը։ Հանդիսութեան ներկայ էին Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Լաթաքիոյ եւ ծովեզերեայ շրջանի հոգեւոր…

ՀՅԴ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ՈՒ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻ ԱՄՓՈՓՈՒՄ

ՀՅԴաշնակցութեան Բիւրոյի հրաւէրով, 25-28 Մայիսին Հայաստանի մէջ գումարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու ու գրասենեակներու համահայկական խորհրդաժողով՝ շուրջ քսան երկիրներէն ժամանած ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու ու գրասենեակներու պատասխանատուներուն մասնակցութեամբ։ Խորհրդաժողովը լսեց…

ՄԱՐԶԱԿԱՆ՝ ՄԱՅԻՍ Ե./2024

ՏԵՂԱԿԱՆ ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ -Սուրիոյ ֆութպոլի Հանրապետական Բաժակի աւարտական մրցումին, Սուրիոյ ախոյեան Տէր Զօրի Ֆթուէն 5 – 4 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Ուահտէն տիրացաւ Հանրապետական Բաժակին: Մրցումի հիմնական ժամանակը աւարտեցաւ…

ԽՃԱՆԿԱՐ՝ ՄԱՅԻՍ Ե./2024

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՊԱՐԲԵՐԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԸ՝ 1918-1920 28 Մայիս 1918-ին՝ երկարատեւ ընդմիջումէ ետք, Հայաստանի Անկախութեան վերականգնումը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ ոչ միայն քաղաքական, այլեւ պատմամշակութային կարեւոր նշանակութիւն ունեցաւ։ Աշխուժացաւ հասարակական-քաղաքական կեանքը,…

ԵՍ ՈՒ ՇՈՒՔՍ

Գարուն է: Բնութիւնը հետզհետէ կը վերականգնի: Ծառերը ծաղկած են. ամէն մէկ ծառ կարծէք մէկ հարս ըլլար՝ ճերմակ հագած, կամ հարսնքոյր՝ վարդագոյն հագած: Դաշտի խոտերն ու մանր-մանր ծաղիկներուն ցողիկները կարծէք վիզեր…

1918-Ի ԵՒ ՆԵՐԿԱՅԻ «ԽԵՆԹԵՐ»

28 Մայիս 1918-ի Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան պատմութեան անդրադառնալու համար հարկ է հայեացք մը նետել 6 դար առաջ 1375 թուականին, երբ հայ ազգը կը կորսնցնէր իր պետականութիւնը եւ Կիլիկեան թագաւորութիւնը անկումի…

ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Վերջին օրերուն ոստիկանութեան տարբեր ստորաբաժանումներուն դրսեւորած աննախադէպ լկտի պահուածքը, ապօրինութիւններն ու բռնութիւնները ուղղակիօրէն կը վկայեն պետական մակարդակով իրականացուող ահաբեկչութիւնը։ Աներկբայ է, որ Հայաստանի մէջ ոտնահարուած են ժողովրդավարութիւնն ու մարդու իրաւունքները։…

ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ԱՆԴԱՄ ԽԱԺԱԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ «ԳԱՆՁԱՍԱՐ» ԱՅՑԵԼԵՑ

Չորեքշաբթի, 29 Մայիսին, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Խաժակ Մկրտիչեան Հալէպ իր ժամանման առիթով այցելեց խմբագրատունը «Գանձասար» շաբաթաթերթին, որուն առաջին խմբագիրը եղած էր Հալէպ կեցութեան շրջանին՝ 1993-ին։ «Գանձասար»-ի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան ծանօթացուց…

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՄԻՋԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՄԲ ԲԵՄ ԲԱՐՁՐԱՑԱՆ ՀԱԼԷՊԱՀԱՅ ԲՈԼՈՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐԷՆ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱՌԱՋԻՆ ԵՐԵՔ ԴԻՐՔԵՐԸ ԳՐԱՒԱԾ ՏԱՂԱՆԴԱՒՈՐ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ

Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանին, կազմակերպութեամբ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան, Շաբաթ, 25 Մայիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, տեղի…

ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՍԱՏ ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՏՈՒԱՒ ԹԵՀՐԱՆ

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ Թեհրան այցելեց, ցաւակցութիւն յայտնելու Իրանի Իսլամական Յեղափոխութեան ղեկավար Ալի Խամինաիին եւ Իրանի ժողովուրդին՝ Իրանի հանգուցեալ նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի, Իրանի ԱԳ նախարար Հուսէյն Էմիր Ապտուլլահեանի եւ իրենց…