Month: January 2023

ԼԵՄՔԻՆԻ ՀԻՄՆԱՐԿ.«ԹՈՒՐՔԻԱՆ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ ԿԸ ՍՊԱՌՆԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄՈՎ, ԲՌՆԱԳՐԱՒՈՒՄՈՎ ԵՒ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՄԲ»

«Արմէնփրէս»._ Ցեղասպանութեան կանխարգիլման Լեմքինի հիմնարկը ամփոփած է 2022 թուականի գործունէութիւնը եւ տարեվերջեան իր զեկոյցին մէջ ներկայացուցած է տարուան ընթացքին տեղի ունեցած իրադարձութիւնները, որոնք այս կամ այն ձեւով առնչուած են ցեղասպանութեան…

23 ՕՐԷ Ի ՎԵՐ ԼԱՉԻՆԻ ՄԻՋԱՆՑՔԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՓԱԿ ՄՆԱԼ

12 Դեկտեմբերին խումբ մը ատրպէյճանցիներ բնապահպանական պատրուակով Շուշիի տակ փակած են Արցախը Հայաստանին ու արտաքին աշխարհին կապող միակ ճանապարհը։ 9 Նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան համաձայն, ճանապարհը պէտք է վերահսկեն ռուս…

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՃԳՆԱԺԱՄԱՅԻՆ ԽՈՒՄԲ.«ՊԱՔՈՒԻ ԵՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ՆՈՐ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ ԱՒԵԼԻ ԿԱՐՃ, ԲԱՅՑ ՈՉ ՊԱԿԱՍ ՑԱՒԱԼԻ, ՔԱՆ 2020_Ի ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ»

Միջազգային ճգնաժամային խումբը գրած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրենց վերջին պատերազմէն երկու տարի անց Հայաստանն ու Ատրպէյճանը կարծես թէ կ’ուղղուին դէպի նոր առճակատումի: Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ անյաջողութիւնները խախտած են…

ՀԱՒԱՏՔ ԵՒ ՈՒԺ

Կը կարդամ. «Ո՜վ հայրեր, ո՜վ պապեր, այս գաւաթը խմում եմ, բայց առանց նուիրելու ձեր ոսկորներին: Եթէ դուք այս վանքերի տեղ, որոնցմով լիքն է մեր երկիրը, բերդեր շինէիք,- եթէ դուք սուրբ…

ՊԱՏՄԱԳԻՐԸ ՊԻՏԻ ՉԱՐՁԱՆԱԳՐԷ…

Քանի մը օր առաջ, երեւակայութեանս փոքրակերտ անջրպետանաւը զիս գիշեր մը տարաւ-հասցուց ապագայի չեմ գիտեր ո՞ր տարին, կանգ առաւ հայ պատմագիրի մը կտուրին: Առանց աղմուկ բարձրացնելու մտայ պատմագիրին սենեակը: Աղ-պղպեղ մազերով…

ԻՍՐԱՅԷԼ ՀՐԹԻՌՆԵՐ ԱՐՁԱԿԵՑ ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕԴԱԿԱՅԱՆԻՆ ՈՒՂՂՈՒԹԵԱՄԲ

Երկուշաբթի, 2 Յունուար 2023-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ Փոխադրութեան Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Դամասկոսի Միջազգային Օդակայանը Իսրայէլի կողմէ յարձակումի ենթարկուելէ ետք, այսօր առաւօտեան ժամը 9:00-ին կրկին բանիլ սկսաւ։ Յիշենք, որ առաւօտեան…

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՐԴԱՐԱԴԱՏՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴԱՏԱՐԱՆԻՆ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԴԷՄ ՀԱՅՑ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԱԾ Է

Միջազգային իրաւական հարցերով Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեան «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է, որ Հայաստան Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանին Ատրպէյճանի դէմ հայց ներկայացուցած է: «Ցեղային խտրականութեան վերացման կոմիտէի վարոյթի շրջագիծին մէջ, Հայաստան…

ԵՌԱՄԻԱՍՆՈՒԹԻՒՆ…

Ցեղասպանութեան յաջորդող առաջին տասնամեակներուն, գաղթականութեան ողբերգութեան մէջ իսկ տարտամ «յոյս» մը կար հայրենիք վերադարձի, մինչ կը հանգրուանէ այլեւս հետզհետէ ձեւաւորուած ներկայ Սփիւռքը, որուն վրայ մեծ թիւերով կ’աւելնան հայրենաթող հայեր: Թէ՛…