Երկուշաբթի, 25 Մայիս 2020-ին, Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութիւնը յայտնեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն, Քուէյթէն, Սուտանէն եւ Ռուսիայէն Սուրիա ժամանած 20 սուրիացի քաղաքացիներ պսակաձեւ ժահրով վարակուած են։
Այսպիսով Սուրիոյ մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուածներուն թիւը հասած է 106-ի, որոնցմէ մահացած է 4, բուժուած՝ 41 քաղաքացի։