Մարդասիրական Ականազերծման եւ Փորձագիտական կեդրոնը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ մէջ մարդասիրական առաքելութիւն կատարող խումբի մասնագէտները Հալէպի Ազգային պատսպարանի սաներուն փոխանցած են «Մի բուռ ժպիտ» խորագիրը կրող նախաձեռնութեան կողմէ հաւաքուած նուէրներուն մէկ մասը։ Փոքրիկները ուրախութեամբ ընդունած են նուէրները։
Ազգային պատսպարանի աշխատակազմը երախտագիտութիւն յայտնած է Մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոնին ու ծրագիրի բոլոր մասնակիցներուն։ Նուիրատու կողմը տեղեկացուցած է, որ շուտով պիտի հասնի նաեւ նուէրներու երկրորդ բաժինը։