«Սուրիական Օդանաւային Ընկերութիւն»-ը Քաղաքացիական Օդանաւորդութեան եւ Օդային Փոխադրութեան Ընդհանուր Հիմնարկին հետ գործակցաբար, Երկուշաբթի օր իր նոր տեսլականն ու թարմացուած տեսողական ինքնութիւնը ներկայացուց Դամասկոսի Միջազգային Օդակայանին մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեան մը ընթացքին: Հանդիսութեան ընթացքին ընկերութիւնը յայտարարեց նաեւ թարմացուած ինքնութիւնը կրող առաջին օդանաւին սպասարկութեան մանրամասնութիւնները:
Հանդիսութեան ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ ընկերութեան գործադիր տնօրէն Անուար Աքքատ ընդգծեց, որ այս առիթը շրջադարձային կէտ մըն է նոր փուլի մը համար, որուն ընդմէջէն ընկերութիւնը կը ձգտի ամրապնդել մարզին դիրքը եւ զայն բարձրացնել դէպի ազդեցիկ, մրցունակ եւ միջազգային մակարդակի աւելի լայն հորիզոններ: Ան նշեց, որ օդանաւորդութեան մարզը կենսական ոլորտներէն մէկն է ազգային տնտեսութեան զօրակցելու, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային ու միջազգային միջավայրին հետ հաղորդակցութեան եւ բացուելու շարժումը խթանելու համար: