ԼԱՊՏԵՐՆԵՐ
Աստուածաշունչի մէջ, լապտերը յիշատակուած է միայն մէկ անգամ, երբ հռոմէացի զինուորներ եկան ձերբակալելու Քրիստոսը:
Հին յունական աւանդութեան համաձայն, մարդիկ Աթէնքի փողոցները բոցավառող լապտերներով կը շրջէին։ Երբ անոնց հարց
կու տային, թէ ի՛նչ է այդ տարօրինակ  վարմունքին պատճառը, կը պատասխանէին, թէ մարդ կը փնտռէին:
Լապտերը արհեստական լոյսի աղբիւր մըն է: Օրուան մութ ժամերուն, որոշ տարածութիւն լուսաւորելու համար նախատեսուած սարք: Լապտեր բառի արմատը յառաջ եկած է յունական ջահ բառէն: Կոստանդնուպոլսոյ մէջ թաղամաս մը «Լապտեր» կոչուած է:
Գերմանիոյ մէջ, միջնադարեան շրջանին աւանդոյթ դարձած է Սուրբ Մարտինի օրը՝  11 Նոյեմբերը յիշատակել լապտերներու երթով:
Անգլիոյ մէջ յայտնուած են փողոցի լուսաւորման լապտերներ։  Լոնտոնի մէջ առաջին անգամ լապտեր վարած են 1417-ին՝ քաղաքապետ Հենրի Բարտոնի հրամանով: Այն ատեն լապտերներու մէջ օգտագործած են մոմեր:
1669-ին, հոլանտացի Եան Վան Տէր Հայտըն յայտնագործած է փողոցային լապտերներ, որոնք վարած են բամպակով եւ ձէթով: Ամսթըրտամի մէջ կարմիր լապտերներ օգտագործած են  թաղամասերու եւ հասարակական տուներուն մէջ:
1720-ին, իւղով վառող ապակեայ լապտերներ յայտնուած են Սան Պեթերսպուրկի մէջ, որուն մէջ օգտագործուած է կանեփի իւղը:
Հեռաւոր Արեւելքի մէջ տարածուած են ճափոնական լապտերներ:
1807-ին, Լոնտոնի մէջ ի յայտ եկած են կազային լապտերներ, յայտնագործողը՝ Ուիլիըմ Մերթոկն էր: Նոյնը 1839-ին օգտագործուած է նաեւ Սան Պեթերսպուրկի մէջ:
1846-ին, Աբրահամ Փինէո Կեսներ յօրինած է լամբ մը, որուն իւղը փոխարինուած է կազով:
1919-ին, Թիլլիի High-Pressure Gas ընկերութիւնը սկսած է օգտագործել կազը  (քերոսինը) որպէս լապտերի վառելանիւթ:
 Ժամանակին ինչպէս դեղատուփը պէտք չէր պակսեցնել պայուսակէն, նոյնպէս անհրաժեշտ էր լապտերը, քանի որ միշտ չնախատեսուած դէպքի մը պարագային անձը ստիպուած էր մութին շարունակելու իր ուղին: Այս շրջանին լապտերները բաժնուած էին երեք տեսակի՝ ձեռքի, ճակտի եւ ճամբու:
Հետագային լապտերներու պատրաստութիւնը աւելի զարգացաւ եւ հասաւ  մինչեւ մարտկոց լապտերներու, որոնք կը լիցքաւորուէին որոշ ժամանակաշրջանի մը համար:
ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋ
Տեառնընդառաջ կամ Տէրըն-տեզ կը նշանակէ «ելնել Տիրոջ ընդա-ռաջ»։
Տեառնընդառաջի օրը, Հայ Առաքելական եկեղեցիէն ներս պա-տարագ կը մատուցուի։ Տեառնըն-դառաջը՝ քառասնօրեայ մանուկ Յիսուսի նուիրումը Տաճարին, կը տօնուի Աստուածայայտնու-թենէն «6 Յունուար» քառասուն օր ետք: Նախորդող գիշերը՝ 13-ին, եկեղեցւոյ մէջ արարողութիւններ տեղի կ’ունենան, եկեղեցւոյ կա-նոնին համաձայն,  աւարտին կը կա-տարուի Անդաստանի արարողու-թիւն, որուն  ընթացքին կ’օրհնուին աշխարհի չորս ծագերը, ապա կը կատարուի մոմերու օրհնութիւն եւ այդ եկեղեցւոյ մոմերով կը վարեն խարոյկը՝ որպէս Քրիստոսի լոյսի խորհրդանիշ:
Հաւատացեալները լապտերներով այդ լոյսը կը տանին իրենց տուները եւ կ’երգեն.
«Լապտերները մենք բռնած,
Մեծ մայրիկին տուն կ’երթանք,
Դուռը  բա՛ց, դուռը բա՛ց, մե՛ծ մայրիկ»:
Սոնա Տէր Պօղոսեան-Տարաքճեան